2009-09-05 13:41:52

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՏԱՅ ԽՐՈՒԱԹԻԱ։

Խրուաթիոյ հանրապետութեան նախագահ Սթիեփան Մեսիչի հրաւէրով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 7 - 8 սեպտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ Խրուաթիա պիտի մեկնի։ Այցելութեան առաջին օրը տեղի պիտի ունենայ նախագահներու դռնփակ հանդիպումը, որուն պիտի յաջորդէ պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը։ Բանակցութիւններու աւարտին նախագահները միացեալ մամլոյ ասուլիս մը պիտի տան։ Երկու նախագահները 7 սեպտեմբերի երեկոյեան Զակրեպի մէջ ներկայ պիտի գտնուին հայ-խրուաթական գործարարական համագումարի բացման եւ ելոյթներով հանդէս պիտի գան։ Զակրեպի մէջ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Խրուաթիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Լուքա Պեպիչի եւ վարչապետ Եատրանքա Քոսորի հետ։ Հայկական պատուիրակութիւնը 8 սեպտեմբերի երեկոյեան Երեւան պիտի վերադառնայ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ հանդիպում ունեցաւ աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կրիկոլ Վաշածէի հետ։ Ողջունելով Կրիկոլ Վաշածէն եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ Է. Նալբանդեան կարեւոր նկատեց երկու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ կանոնաւոր յարաբերութիւնները։ Ան նշեց, որ ատիկա ամուր հիմք կը հանդիսանայ փոխ-շահաւէտ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման համար։ Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող բազմաթիւ հարցեր։

Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Գիւմրի - Ախալցխա - Բաւրա - Պաթում մայրուղիին ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։ Երկու նախարարները քննարկեցին նաեւ իրաւա-պայմանագրային մարզի ընդլանման, սահման-ազատման գործընթացին եւ ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցութեան զարգացման առնչուող հարցերուն։ Հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ վիրահայութեան վերաբերող շարք մը խնդիրներուն. հանդիպման յաջորդեց երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու համար հողատարածքներ փոխանակելու վերաբերեալ յուշագիրի ստորագրման արարողութիւնը։

ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ Հայաստանի յատուկ նախաքննական մարմինը քննարկեց զանգուածային խռովարարութիւններ կազմակերպելու համար մեղադրուող՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Խաչատուր Սուքիասեանի նկատմամբ կիրարկուած խափանման միջոցին հարցը։ Նկատի առնելով, որ 5 մարտ 2008-էն ետք հետախուզման մէջ գտնուող պատգամաւոր, մեղադրեալ Խաչատուր Սուքիասեան 2 սեպտեմբեր 2009-ին ինքնակամ ինքզինք յանձնած էր իրաւապահ մարմիններուն,նախաքննական մարմինը երէկ որոշեց փոխել Սուքիասեանի նկատմամբ կիրարկուած խափանման միջոցը՝ կալանքը, եւ իբրեւ խափանման միջոց ընտրել ստորագրութիւն՝ երկրէն չհեռանալու մասին։ Սուքիասեան երէկ ազատ արձակուեցաւ։

ՍՈՒՐԻԱ Կ՝ՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։



Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը յառաջ մղելու համաձայնութիւնը։ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան ճամբով յայտնեց, որ ՝՝կ՝ողջունէ Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամութեան եւ գործակցութեան յարաբերութիւնները՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.