2009-09-04 12:38:38

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Ուրբաթ 4 Օգոստոս 2009,Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ՜՜Գասդել Կոնտոլֆոյի՝՝ քահանայապետական ամառանոցին մէջ յաջորդաբար ընդունեց.

Պրազիլի արեւմտեան շրջանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` հնգամեայ այցելութիւն։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց տիար Վալենթին Վասիլեւ Պոզիլով Պուլկարիոյ դեսպանը եւ անոր կպղակիցը. ողջերթի այցելութիւն



Սրբազան քահանայապետին պատգամը կարտինալ Վալթեր Գասբերին Ս. Օգոստինոսի միջքրիստոնէական ԺԱ. ժողովի բացման առթիւ. ''Ս. Օգոստինոսը, արեւեմտեան ու արեւելեան աւանդութեան մէջ'' նիւթին մասին։

Գիտաժողովը, տեղի կ'ունենայ Հռոմ ,Օգոստինեան կոչուած համալսարանը։ Բացման զեկուցումը կատարեց Գլերապայծառ Սբիդերիս առաջնորդը Յունաստանի Գորֆու թեմին։ Նորին Սրբութիւնը իր ուղղած պատգամով կարտ. Գասբերին, նախագահը՝ եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, ջերմօրէն կ'ողջունէ գիտաժողովին մասնակցողները եւ իր խնդակցութիւնը կը յայտնէ քանի որ նման առիթ մը ՜՜իրարու քով կը բերէ արեւմուտքի եւ արեւելքի եղբայրները բանակցելու՝ Ս. Օգոստինոսի մասին։ Արդարեւ այս գիտաժողովներու շարքը սկսաւ 1992ին եւ արդէն բազմաթիւ արդիւնքներ բերաւ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով՝ ՜՜ Աղօթքս է որ այս հանդիպումը պատճառ ըլլայ իրարզիրար աւելի լաւ ըմբռնելու եւ մօտեցնելու երկու եկեղեցիներու աստաուածաբանութիւնները ու միասին կերտելու Աստուծոյ Քաղաքը, ուր անոր զաւակները կարողանան ապրիլ խաղաղութեամբ ու եղբայրական սիրով, հիմնուած հասարակած հաւատքի ճշմարտութեան վրայ։ Այս դիտաւորութեան համար իմ աղօթքը կը բարձրացնեմ Ամենակալին խնդրելով Անոր օրհնութիւնը բոլոր կազմակերպիչներուն համար՝՝եզրափակեց Սրբազան Հայրը իր պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.