2009-09-04 12:51:57

Լուրեր հայկական կեանքէն

Արամ Ա կաթողիկոս պարգեւատրեց Մարիոս Կարոյեանը


Արամ Ա կաթողիկոս պարգեւատրեց Մարիոս Կարոյեանը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի վեհարանին մէջ, 3 սեպտեմբեր 2009-ին յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Արամ Ա կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ասպետի կարգի շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ հայազգի Մարիոս Կարոյեանը, բարձր գնահատելով անոր ազգանուէր ծառայութիւնները եւ ի նպաստ հայկական պահանջատիրութեան անոր կատարած աշխատանքները։

Հանդիսութեան ներկայ էին միաբան հայրեր, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ, պետական հայ նախարարներ, երեսփոխաններ եւ քաղաքական գործիչներ, ազգային զանազան կառոյցներու պատասխանատու անձնաւորութիւններ եւ ազգայիններ։ Այս առթիւ իր արտասանած խօսքին մէջ Վեհափառը, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի շրջագիծին մէջ, ընդգծեց հրամայականը ներկայ աշխարհի հոգեւոր, քաղաքական եւ ընկերային նոր դրուածքին համապատասխան, քայլեր առնելու ։ Ան բարձրօրէն գնահատեց Մարիոս Կարոյեանի աշխատելաոճը, որ յատկապէս հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման գործընթացին նոր տարածք կու տայ, միջազգային մակարդակի վրայ քննարկումի մղելով Կիպրական հարցին հետ նաեւ Հայկական հարցը ։ Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան համար կրկնուող կարգախօսները արժէք չեն ներկայացներ, երբ արդարութիւնը կը մնայ տակաւին քողարկուած։ Ցեղասպանութիւնը մեր հաւաքական պայքարին դրօշն է՝ նահատակներու արիւնով ներկուած՝ ըսաւ Արամ Ա. եւ աւելցուց, անիկա մեր ջարդուած նախնիներուն կանչն է, մեր ազգի միութեան ու հզօրութեան խորհրդանիշն է ։

Ապա Մարիոս Կարոյեան շնորհակալական խօսքով մը հանդէս եկաւ, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով ընծայուած այս պատիւին համար։ Ան ըսաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ, ինչպէս նաեւ հայ ազգի ներկայացուցիչներուն հետ գտնուիլը, տան մէջ ըլլալու զգացումը կու տայ իրեն։ Կիպրական խորհրդարանի նախագահը հայկական պահանջատիրութեան կալուածին մէջ, շեշտեց կարեւորութիւնը Սփիւռքին, ու կիպրական եւ հայկական ազգային դատերուն համատեղ ներկայացումը նկատեց կարեւոր։ Մ Կարոյեան Կիպրոսի համար մեծ պատիւ նկատեց իր այս պարգեւատրումը, եւ ներկաներուն դիմաց իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց յանձնառու ըլլալու վեհափառին կողմէ այս գծով ներկայացուող որեւէ աշխատանքի։

Բարձրաստիճան հիւրը այցելեց մայրավանքին մէջ գտնուող աշխարհի առաջին Ապրիլեան Նահատակաց յուշարձան մատուռը՝ իր յարգանքը ընծայելով իր ցեղի անմեռ զոհերուն յիշատակին։ Ան այցելեց նաեւ կաթողիկոսարանի Կիլիկիա թանգարանը՝ ծանօթանալով Ցեղասպանութենէն ճողոպրած Կիլիկիոյ գանձատան սրբազան իրերուն ու մեծարժէք ձեռագիրներուն։



Շէյքսփիրեան միջազգային թատերական փառատօնը Երեւանի մէջ ։

Սեպտեմբեր 8 - 20 Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Շէյքսփիրեան միջազգային թատերական փառատօնը։ Այս տարուընէ սկսեալ փառատօնը պիտի կրէ հանրաճանաչ դերասան Վահրամ Փափազեանի անունը։ Փառատօնի ընթացքին, մենակայացումներէն բացի, հանդիսատեսին պիտի ներկայացուի նաեւ աւելի մեծ կտաւի գործեր։

Շէյքսփիրեան միջազգային թատերական փառատօնին թատերախումբեր պիտի մասնակցին՝ Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն, Վրաստանէն եւ Իրանէն։

Առանձին ծրագիրով նախատեսուած են նաեւ՝ Ալեքսանտր Քալեակինի Ուպեյու թագաւոր եւ Իրինա Պրուքի Տոն Քիշոթ ներկայացումները։ Իրինա Պրուքի շարժապատկերի եւ թատրոնի յայտնի բեմադրիչ Փիթըր Պրուքի եւ դերասանուհի Նաթաշա Փարիի դուստրն է։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.