2009-09-03 13:46:44

Կրօնաբարոյական հարցեր- Բաժանումի Արցունքները


Կրօնաբարոյական հարցեր- Բաժանումի Արցունքները

Ուրախութեան եւ տրտմութեան արցունքները տեղ մը իրարու կը խառնուին: Ուրեմն, ուրախ ըլլանք թէ տխուր, մեր արցունքի կաթիլները միշտ աղի են, եւ մեր էութենէն՝ զգացական աշխարհի խորքէն գալով՝ կը յուզեն թէ՛ մեր ներաշխարհը եւ թէ՛ մեր շրջապատը:

Արցունքները կը խօսին, կը պատմեն, կը կանչեն, կը ներգրաւեն, կը խղճահարեն, կը ներեն, կը քաւեն, մէկ խօսքով՝ բազմաթիւ պարտականութիւններ կատարելու կարողութիւն ունին, հակառակ անոր որ անգործածելի հեղուկի կաթիլներ են:

Կեանքի յուզական տարբեր կացութեանց մէջ թափուող արցունքներէն կարելի է զանազանել հրաժեշտի կամ բաժանումի պահուն թափուող արցունքները։

Բաժանումներու մէջ եւս կան տարբերութիւններ եւ անոնց աստիճանական սաստկութիւնը կը բարձրանայ մինչեւ վերջնական, այսինքն՝ մահուան բաժանումը, որ կեանքին տրուած հրաժեշտ ըլլալով՝ մեր լեզուին մէջ ծանօթ է մահ անունով:

Ամէնէն արժէքաւոր, բայց ամէնէն անիմաստ արցունքները կը թափուին մահուան առիթով: Արժէքաւոր՝ անոր համար, որ անոնցմով միշտ կը յիշենք մեր սիրելիներէն մէկուն կամ միւսին մահուան առիթով մեր ապրած ցաւը: Իսկ անիմաստ՝ քրիստոնէական ըմբռնումով, որովհետեւ մահը վերջակէտ մըն է միայն ֆիզիքական կեանքին, ու իշխանութիւն չունի հոգեղէն կեանքին վրայ: Սակայն, քրիստոնէական մեր հաւատքին համաձայն, կայ վերջնական հրաժեշտի պահ մը, մահէն անդին եղող՝ երկրորդ մահուան իրականութիւն մը, յաւիտենական բաժանումի օր մը, երբ Աւետարանին փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, մեծ անդունդ մը պիտի գոյանայ արդարներուն ու մեղաւորներուն միջեւ, եւ մէկ կողմէն միւսը անցնիլը անհնար պիտի ըլլայ երկուստեք:

Բնականաբար բաժանումի արցունքները շատ աւելի իմաստալից ու խորհրդաւոր կը դառնան, երբ մարդիկ իմանան, թէ շուտով մահը պիտի դիմաւորեն: Այսպէս, իմացեալ մահուամբ հայրենիքը պատշպանելու համար ռազմի դաշտ իջնող զինուորին հրաժեշտ տալու պահուն, անոր հարազատները, երբ արցունք թափեն, զինուորին քաջութիւնը, հաւատարմութիւնը, հնազանդութիւնը եւ հայրենիքի հանդէպ սէրը գովերգած կ՛ըլլան: Նոր Կտակարանի Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ այսպիսի բաժանումի մը պատկերը գոյութիւն ունի, երբ Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի եկեղեցւոյ երէցները կանչելով՝ հրաժեշտ կու տայ անոնց, նախքան վերջնականապէս Երուսաղէմ մեկնիլը: Գիրքին հեղինակը՝ Ղուկաս, կը գրէ թէ Պօղոս լուր կը ղրկէ բոլորին, եւ սրտբաց կերպով անոնց կ՛ըսէ, թէ ինչպիսի՛ նեղութիւններ կրելով զիրենք Քրիստոսի ճշմարիտ հաւատքին բերած էր: Կ՛ըսէ, թէ նոյնիսկ նիւթական իր կարիքները, իր ձեռքի աշխատանքով՝ վրանագործութեամբ բաւարարած էր, առանց ոեւէ մէկուն բեռ ըլլալու: Աւելին, ան կ՛ըսէ, թէ իր աշխատանքի արդար վաստակէն նաեւ բաժին հանած էր կարիքաւորներուն: Կը զգուշացնէ զանոնք հետեւելէ սխալ ուսուցումներու, որոնց քարոզիչները, կ՛ըսէ, «ձեր մէջէն պիտի ելլեն, հաւատացեալները իրենց ետեւէն տանելու համար» (Հմմտ Գրծ 20.30):

Ի վերջոյ Պօղոս առաքեալ անոնց կը յայտնէ, թէ այնուհետեւ պիտի չտեսնեն զինք: Որովհետեւ Երուսաղէմ պիտի երթայ ու չի գիտեր, թէ հոն ի՛նչ կը սպասէ իրեն: Կ՛ըսէ, թէ Սուրբ Հոգին իրեն յայտնած է, որ բանտարկութիւն ու նեղութիւն ամէն քաղաքի մէջ կրնայ պատահիլ իրեն: Այս լսելով՝ ներկաները կը սկսին լալու եւ Պօղոսի վիզին փաթթուելու ու համբուրելու զինք: Անոնք յայտնապէս կը յուզուին ու կը մորմոքին մանաւանդ անոր համար, որ ան կ՛ըսէր, թէ այլեւս զինք պիտի չտեսնեն: Ապա, անոր կ՛ընկերակցին մինչեւ նաւ՝ երթաս բարով ըսելու:

Հեթանոսաց առաքեալին կեանքէն քաղուած այս յուզիչ պատկերը, սովորական կեանքի մէջ ինչքա՜ն յաճախականութեամբ տեղի կ՛ունենայ: Հակառակ անոր, որ աշխարհը փոքրիկ բնակավայր մը դարձած է մարդկութեան համար, եւ անոր ամէնէն հեռաւոր անկիւնը կարելի է հասնիլ քսանչորս ժամուան ընթացքին, սակայն եւ այնպէս, հրաժեշտի պահուն դարձեալ արցունքները կը հոսին մարդոց այտերէն, սիրոյ, գուրգուրանքի, կարեկցութեան ու օրէ օր ծանրակշիռ դառնալիք կարօտի զգացումներով:

Պօղոս առաքեալ, հրաժեշտի իր խօսքերը աւարտելէ ետք, իր մեկնումէն առաջ բոլորին հետ ծունկի կու գայ ու կ՛աղօթէ: Շատ մը հաւատացեալներ ունին այս սովորութիւնը, երբ նոյնիսկ կարճ տեղափոխութիւններէ առաջ, կամ պարզապէս տունէն դուրս ելլելէ առաջ կ՛աղօթեն՝ ապահով զգալու համար: Ինչքա՛ն պէտք է աղօթել ուրեմն, վերջնական հրաժեշտի ճանապարհորդութեան սկսելէ առաջ: Իսկ այդ ճանապարհորդութիւնը ազդանշան չունի: Ուստի, միշտ պէտք է աղօթել՝ ապահով ճամբորդութեան խնդրանքով, որովհետեւ բաժանումի արցունքները չեն կրնար օգտակար ըլլալ մեզի այլեւս, այլ՝ միայն աղօթքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.