2009-09-03 13:27:04

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ՝՝ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԷՆՔԸ՝՝ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՄԱՆ ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ։ Մինչ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ նոր զարգացումներ կ՝արձանագրուին, չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանին եւ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Գրասենեակին, տեղի ունեցաւ ՝՝Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու միջազգային օրէնքը՝՝ երկօրեայ խորհրդաժողովին բացման հանդիսութիւնը։ Հաւաքին ներկայ էին Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեան, Լիբանանի երեք պետերուն ներկայացուցիչները, հայ երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը, լիբանանահայ ներկայ ու նախկին երեսփոխաններն ու նախարարները, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հաւատարմատար Ռուբէն Խարազեան, Անգլիոյ դեսպան Ֆրանսիս Մերի Կէյ, հայ թէ օտար ակադեմականներ, ցեղասպանագէտներ, պատմաբաններ, տարբեր երկիրներէ ժամանած եւ խորհրդաժողովին մասնակից հայ թէ օտար դասախօսներ, լիբանանահայ կուսակցութիւններու, միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լիբանանեան թէ հայկական լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ։ Սոյն հաւաքին Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը կը ներկայացնէր նախարար Ալեն Թապուրեան, իսկ խորհրդարանի նախագահը՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։ Երկօրեայ խորհրդաժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ այսօր եւ պիտի շարունակուի նաեւ վաղը։
Դաշնակցութեան Բողոքի Ցոյց՝ Հայ-թուրք Արձանագրութեան Դէմ։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Սեպտեմբեր 2ին, Երեւանի կեդրոնը գտնուող Շարլ Ազնաւուր հրապարակին վրայ հանրահաւաք-ցոյց մը կազմակերպեց՝ նուիրուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 18ամեակին, որու ընթացքին նաեւ արտայայտեց իր ընդդիմութիւնը հայ-թրքական նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն: Հակառակ անձրեւոտ եղանակին, հանրահաւաքը բազմամարդ էր: Ցուցարարները բարձրացուցած էին «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», «Հայոց ոգին չի նահանջելու», «Ոչ մի զիջում թուրքերին» գրութիւնները կրող պաստառներ: Հանրահաւաքը բացաւ Գեղամ Մանուկեանը, որ շնորհաւորեց ներկաները ԼՂՀ անկախութեան առիթով, այնուհետեւ հրաւիրեց ՀՅԴ ԱԺ  խմբակցութեան  ղեկավար ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը՝ փոխանցելու իր խօսքը: Հաւաքի ընթացքին ելոյթ ունեցան նաեւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանն ու Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորական խումբի անդամ Արա Նռանեանը:
ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ ԻՐԱՒԱՊԱՀ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒՆ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, 2008 թուականին յետընտրական իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ հետախուզումի մէջ գտնուող Խաչատուր Սուքիասեան երէկ կամաւոր կերպով յանձնուեցաւ Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն։ Ան ներկայացաւ Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան։Սուքիասեանի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած է համաձայն քրէական օրէնսգիրքի թիւ 225 յօդուածի առաջին մասին,այն է՝Զանգուածային անկարգութիւններու կազմակերպում։
ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐԸ ՎԵՐՍԿՍԱՆ ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ԻՐԵՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՆ։ Անցեալ մարտին Պենիամին Նեթանիահուի վարչապետ ընտրուելէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով երէկ պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննուեցան պաղեստինեան տնտեսութիւնը վերականգնելու միջոցները։Իսրայէլի փոխ-վարչապետ Սիլվան Շալոմի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան տնտեսութեան նախարար Պասեմ Խուրիի միջեւ տեղի ունեցած այս հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան պաղեստինցի առեւտրականներու Իսրայէլ մուտք գործելու գործընթացի դիւրացման, իսրայէլեան միսի եւ պաղեստինեան կաթնեղէնի արտադրութիւններու դէպի Այսրյորդանան եւ Իսրայէլ արտածման, եւ վերջապէս Իսրայէլի մէջ մեծ թիւով պաղեստինցիներու բժշկական հոգատարութիւն ստանալու թոյլատուութեան հարցերը։ Հանդիպումէն ետք Պասեմ Խուրի յոյս յայտնեց, որ քննարկումները արդիւնաւորուին եւ պաղեստինեան տնտեսութիւնը աճ արձանագրէ։ Երկու կողմերը համաձայնեցան չորսէն վեց շաբաթեայ դրութեամբ իրենց հանդիպումները շարունակել։







All the contents on this site are copyrighted ©.