2009-09-01 13:16:36

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հովուական այցելութիւնը Վիթերպօ եւ Պանիորեճիօ թեմերուն, յառաջիկայ 6 Սեպտեմբերին


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հովուական այցելութիւնը Վիթերպօ եւ Պանիորեճիօ թեմերուն, յառաջիկայ շաբաթ օրը 6 Սեպտեմբերին։

Կաղնիի Տիարմօր եկեղեցւոյ ժողովրդապետը՝ հայր Անճելօ Մազի խօսելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութեան մասին ըսաւ ՜՜Սրբազան Քահանայապետին ներկայութիւնը մեր մէջ մեծ օրհնութիւն մըն է։ Նախորդ մէկ Քահանայապետը, Պենետիկտոս ԺԳ 1727ին Վիթերպօ այցելած է, եւ այս եկեղեցւոյ մէջ օծած Գոլոնիայի թեմի առաջնորդը՝ Օգոստինոս Մարիա Վոն Գլեմէնսը, այս լուրը բնականաբար շատ հաճոյք պիտի պատճառէ Սրբազան Հօր՝՝։

Իսկ Սուրբ Պոնավենդուրայի եկեղեցւոյ ժողովրդապետը հայր Ռիկի, խօսելով՝ Սրբազան Քահանայապետին այցելութեան պատրաստութիւններու մասին ըսաւ. ՜՜Սուրբ Պոնավենդուրայի ժողովրդապետութիւնը ամիսներէ ի վեր դասախօսութիւններ կու տայ լաւագոյնս ճանչնալու սուրբ Պոնավենդուրան եւ Սրբազան Քահանայապետը։ բացի մշակութային երեկոյթներէն մեր առօրեայ աղօթքներուն մէջ Աստուծմէ կը խնդրենք որ օրհնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, որ արժանի համարեց հովուական այցելութիւն կատարել մեզի եւ մեծարել սուրբ Պոնավենդուրայի յիշատակը։ Այս սուրբը իր աստուածաբանական ուսումնասիրութիւններու մէջ աւելի շեշտը դրաւ սիրոյ վրայ քան տրամաբանութեան վրայ։ Ան կ'ըսէր եթէ մենք միացած ենք Տիրոջ սիրոյ զգացումով, ուրեմն մենք քրիստոնեայ ենք ու բարի ենք։ Ան յաճախ կը կրկնէր թէ պէտք է դիտել Աստուծոյ գործերը, արարչագործութիւնը ։ Արարածները ուղեցոյց են դէպի Աստուած առաջնորդող ։ Արարչագործութիւնը յարգելով մենք պատուած կ'ըլլանք մեր Տէր Աստուածը՝՝։ Հուսկ հայր Ռիկի ըսաւ ՜՜Սրբազան Քահանայապետի ներկայութիւնը մեր մէջ մեզի պիտի բերէ բազմաթիւ շնորհքներ եւ պիտի տայ իր առաքելական օրհնութիւնը։ Առանց Աստուծոյ օրհնութեան ու շնորհքին կարելի չէ լուծումներ գտնել մեր առօրեայ դժուարութիւններուն։ Ես վստահ եմ որ, ըսաւ հայր Ռիկի, Սրբազան Հօր այցելութիւնը մեր մէջ բարեբեր պիտի ըլլայ՝՝ :  








All the contents on this site are copyrighted ©.