Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի շնորհաւորական ուղերձը նոր ուսումնական տարուան առթիւ
Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի շնորհաւորական ուղերձը նոր ուսումնական տարուան առթիւ
Հայրապետական
ուղերձին մէջ կը կարդանք.
՜՜Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն
ու շնորհաւորանքը կը բերենք կրթական հաստատութիւններու տնօրինութիւններուն, մանկավարժներուն
և դասախօոսներուն, նաեւ՝ ուսանողներուն և աշակերտներուն։
Կը մաղթենք, որ Աստուծոյ
օրհնութեամբ արգասաւոր ըլլայ նոր ուսումնական տարին, և մեր զաւակները ուշիմութեամբ ու
ջանադրութեամբ ամբարեն իրենց մատուցւող գիտելիքները, որպէսզի իմացութեամբ զօրացած կարողանան
լաւագոյնս ծառայել մեր ժողովրդին, մեր Հայրենիքին և Սուրբ Եկեղեցւոյ։
Վաստակով
լեցուն տարեշրջան կը մաղթենք կրթութեան գործի բոլոր նուիրեալներուն, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ
շարունակեն բազմարդիւն ձեռքբերումներով զարդարել նոր սերունդ կրթելու և դաստիարակելու
իրենց անխոնջ ջանքերը՝՝։
Վեհափառը իր շնորհաւորական ուղերձը կ՝եզրափակէ այսպէս.
՜՜Թող մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհնքերը և խաղաղութիւնը միշտ ըլլայ մեզի հետ և բոլորին
ամէն՝՝։