2009-09-01 13:00:06

Ակնարկ Մը՝Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը՝Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀԱՅ-ԹՈՒՐՔ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ՝ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ։ Հայ-թուրք յարաբերութեան մէջ արձանագրուած վերջին նոր իրադարձութեան երէկ լայնօրէն անդրադարձաւ միջազգային մամուլը։ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ ստորագրուած փաստաթուղթերուն անդրադարձան ՝՝Էյ. Փի.՝՝ ՝՝Պի. Պի. Սի.՝՝ եւ ՝՝Ռոյթըրզ՝՝ վերլուծական յօդուածներով ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Թուրքիայի Հանրապետութիւնը(կը կարդանք հաղորդագրութեան մէջ) համաձայնեցին սկսել ներքին քաղաքական խորհրդակցութիւններ՝ զուիցերիական միջնորդութեամբ իրականացուող բանակցութիւնների ընթացքում նախաստորագրուած հետեւեալ երկու արձանագրութիւնների շուրջ ՝՝Արձանագրութիւն երկու երկրների միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման մասին՝՝ եւ ՝՝Արձանագրութիւն երկկողմանի յարաբերութիւնների զարգացման մասին՝՝։ Երկկողմանի յարաբերութիւնների կարգաւորումը կը նպաստի շրջանային խաղաղութեանն ու կայունութեանը։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Թուրքիայի Հանրապետութիւնը յանձն են առնում շարունակել համատեղ ջանքերը Զուիցերիայի օժանդակութեամբ։ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ողջունած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը եւ յայտնած է, որ իր երկիրը առ ի զօրակցութիւն բարելաւուած յարաբերութիւններուն "պատրաստ է սերտ կերպով աշխատելու" երկու կողմերուն հետ։ Նոյնպէս Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի ողջունեց Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ արձանագրութիւններու ստորագրութիւնը։ ՝՝ԵՍ ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԵՐԹԱՄ ՖՈՒԹՊՈԼԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԴԻՏԵԼՈՒ, ԵԹԷ ՄԵՐ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ ԱՐԴԷՆ ԲԱՑ ԸԼԼԱՆ ԿԱՄ ԵԹԷ ՄԵՆՔ ԱՅԴ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ԲԱՑՄԱՆ ՆԱԽԱՇԵՄԻՆ ԳՏՆՈՒԻՆՔ՝՝ ԱՅՍՊԷՍ ԸՍԱԾ ԷՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Պի.Պի.Սի.ի թղթակից Կապրիէլ Կէյթհաուի տուած իր հարցազրոյցի ընթաքցքին,երբ թղթակիցը փորձած էր հասկնալ, թէ արդեօք ան պիտի մեկնի՞ Թուրքիա՝ դիտելու համար երկու երկիրներու հաւաքականներու դարձի մրցումը։

Քսան Հազար Հայեր Կը Բնակին Քալիֆորնիոյ Հրդեհներու Վտանգած Շրջաններու Մէջ։ (ԼԱ ՔՐԵՍԷՆԹԱ) Հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանի Սան Կապրիէլ լեռնային գօտիին վրայ ծագած հրդեհները դեռ կը շարունակուին եւ կը տարածուին դէպի նոր բնակավայրեր: Աւելի քան տասը հազար տուներ վտանգուած նկատուելով՝ անոնց բնակիչներուն հրահանգուած է պարպել իրենց բնակարանները եւ այլ շրջաններու մէջ ապաստան գտնել: Լա Քրեսէնթայի մէջ գործող ՀՅԴ «Զաւարեան կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Հաւաթեան յայտնած որ հրդեհներու կողմէ վտանգուած գօտիին վրայ կը բնակին աւելի քան քսան հազար հայեր: Բարեբախտաբար, թէ՛ պետական ծառայութիւնները եւ թէ՛ հայ հայրենակիցներուն գրկաբաց վերաբերմունքը, անապաստան չեն թողած որեւէ ընտանիք ու ոչ մէկ օգնութեան դիմում եղած է մեզի (ըսած է Հաւաթեան):

Օգոստոս 21ին, «Լոս Անճելըս Թայմզ թերթը կը հաղորդէ, թէ 9րդ շրջանի դաշնակցային վճռաբեկ ատեանը, մէկի դէմ երկու քուէներով վճռած է խլել Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ամերիկացի շառաւիղներուն կողմէ օտար ընկերութեանց դէմ դատ բանալու իրաւասութիւնը՝ պնդելով, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային ատեանի մը կողմէ նման դատեր բանալու արտօնութիւն տուող վճիռը ոտնակոխում մըն է դաշնակցային կառավարութեան կեցուածքներուն:Ատեանին երկու դատաւորները յայտնեցին, թէ նման դատեր պէտք չէ բացուին, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ցարդ պաշտօնապէս ցեղասպանութիւն չէ կոչած հայկական ջարդերը: Երրորդ դատաւորը արդար գտած էր Քալիֆորնիոյ ատեանին որոշումը:Նշենք թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային ատեան մը 2000ին իրաւունք տուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժաառանգորդներուն, որպէսզի դատ բանան գերմանական երեք ապահովագրական ընկերութեանց դէմ, որոնք զոհերուն հատուցումները չէին կատարած: Կլէնտէյլի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Վազգէն Մովսէսեանի ու հազարաւոր այլ հայորդիներու անունով բացուած դատին փաստաբանները՝ Պրայըն Քապաթէք եւ Վարդգէս Եղիայեան, դատապարտեցին սոյն վճիռը՝ խոստանալով հարցերը աւելի բարձր ատեանի մը ներկայացնել:








All the contents on this site are copyrighted ©.