2009-08-31 14:03:42

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Երկուշաբթի 31 Օգոստոս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Գասդել Կոնտոլֆոյի քահանայապետական պալատին մէջ յաջորդաբար ընդունեց.

Կարտինալ Ռէ, կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին,

Գերապայծառ Բալիա, առաջնորդը Իտալիոյ Դերնի թեմին, ընկերակցութեամբ փրոֆ. Անտրէա Ռիգարտիի` հիմնադիրը Սանտ'Էճիտիօ եղբայրութեան։

եւ Գերապայծառ Լիվիօ Մըլինա՝ նախագահը ''Ամուսնութիւն եւ ընտանիք'' քահանայապետական լատերանեան մասնաճիւղին



Սրբազան Քահանայապետի քարոզը իր նախկին աշակերտներու։

Օգոստոս 28-31 Գասթել Կոնտոլոֆոյի քահանայապետական ամառանոցին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբազան Քահանայապետի նախկին աշակերտներուն տարեկան ժողովը նուիրուած ՜՜առաքելութեան՝՝։ Ամառնային այս հանդիպումին, այս տարի կը մասնակցին 42 աշակերտներ, որոնք ժամանակին իրենց տոքթորայի աւարտաճարը կատարած էին Ժոզէֆ Ռացինկերի հետ երբ ան՝ Սրբազան հայրը դասախօս էր Գերմանիա, Ռադիսպոնա համալսարանի մէջ։ Ամառանային այս տարուայ դասընթացքին ուսումնասիրուեցան երկու նիւթեր. առաջինը` ''Առաքելութիւնը հեթանոսներու մօտ, անոր արդարացումը ու ներկայ եղանակը'', երկրորդը` ''Եկեղեցի եւ առաքլելութիւն երկխօսութեան մէջ մարդոց եւ զանազան կրօներու ու մշակոյթներու հետ''։

31 Օգոստոսին, ուսումնաժողովին մասնակցողները նաեւ մասնակցեցան Սրբազան պապի պատարագին, որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց. ՜՜Քրիստոնէութիւնը ողջ կը դառնայ երբ հաւատացեալը կամաւորապէս կը համակերպի Աստուծոյ կամքին եւ օրէնքին։ Այդ համակերպումը հաւատացեալին մէջ ուրախութիւն կը յարուցէ եւ կը մղէ զինք դառնալու ՜՜առաքեալ՝՝ ճանչցնելով զԱստուած մերձաւորին ՝՝։ Ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ. ՜՜Աստուծոյ կամքը եւ օրէնքը ճանչնալու համար հարկաւոր է կարդալ ՜՜Ս. Գիրքը՝՝ հին եւ նոր Կտակարանները։ Ս. Գրքին մէջ կը գտնենք Աստուծոյ օրէնքը որ մարդոց տրուեցաւ, որպէսզի մարդիկը իմաստութեամբ ու գիտութեամբ լեցուին։ Քրիստոնեան պէտք է երախտապարտ ըլլայ Աստուծոյ այս պարգեւին համար։ Քրիստոնեան պէտք է յատկանշուի, որովհետեւ կը ճանչնայ Աստուծոյ կամքը։ Աստուծոյ Օրէնքը նաեւ Աստուծոյ բարեկամութեան մէկ արտայայտութիւնն է։ Աստուծոյ Օրէնքին միջոցաւ սիրոյ ու բարեկամութեան երկխօսութիւն մը կը հաստատուի մեր մէջ եւ կարող կը դառնանք սիրելու ինչպէս Ինք մեզ կը սիրէ։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Երկրորդ աշխարհամարտի 70-րդ տարեդարձին առթիւ Գերմանացի եւ Լեհ եպիսկոպոսները Պերլինի մէջ միասնաբար կը ոգեկոչեն ընդհարումի զոհերը։



Երկրորդ աշխարհամարտի 70 ամեակին առիթով գերմանացի եւ լեհ եպիսկոպոսները ոգեկոչեցին ընդհարումի զոհերը միասնաբար համապատարագ մատուցանելով Պերլինի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ երկրորդ աշխարհամարտի պաշտօնական արարողութիւնները տեղի կ`ունենան սեպտեմբեր մէկին Լեհաստանի Տանցիքա քաղաքին մէջ, Ուեսդեր բլադ դերակղզիի վրայ ուր տեղի ունեցան առաջին հրաձգութիւնները։ Արարողութեան կը մասնակցին բազմաթիւ երկիրներու կառավարիչները ներառեալ Ռուսիոյ վարչապետը Վլատիմիր Բուդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.