2009-08-31 14:04:16

Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն


Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն



Վերականգնուած Է Մինաս Աւետիսեանի՝ «Թորոս Ռոսլինի Ծնունդը» Որմնանկարը

ԵՐԵՒԱՆ - Օգոստոս 28ին, լրագրողներու հետ հանդիպած են «Մինաս Աւետիսեան» թանգարանի տնօրէնը, Մինասի որդին՝ Արմէն Աւետիսեանը ու Հայաստանի մշակոյթի նախարարի խորհրդական Սոնա Յարութիւնեանը, որոնք յայտնած են, որ Մինաս Աւետիսեանի 1973ին ստեղծած «Թորոս Ռոսլինի ծնունդը» որմնանկարը արդէն իսկ վերականգնուած է: Աշխատանքը տեւած է մէկ տարի, որուն մէջ ներգրաւուած են իտալացի մասնագէտներ Լորենցօ Քասամէթի եւ Ֆապրիցիօ Եաքուփինի:

Անիկա արդէն իսկ տեղադրուած է Տաջուռ գիւղին մէջ գտնուող «Մինաս»ի թանգարանի պատին։ Բանախօսները աշխատանքէն գոհ մնացած են, հակառակ ընթացքին ստեղծուած դժուարութիւններուն:

Սեպտեմբերի վերջը Մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Տաջուռի մէջ տեղի պիտի ունենայ որմնանկարի բացման պաշտօնական արարողութիւն: Այժմ պատրաստութեան ընթացքի մէջ է որմնանկարի վերականգնման մասին վաւերագրական շարժանկար մը, որուն շնորհահանդէսը պիտի կայանայ Հոկտեմբերին, Գիւմրի, ապա՝ Երեւան։ Այս բոլորէն ետք Մինասի յոբելինական ցուցահանդէսը պիտի բացուի նաեւ Մոսկուայի մէջ, ու դարձեալ պիտի ցուցադրուի նշեալ շարժանկարը:



Լոյս տեսաւ ''Արամ Ա կաթողիկոս Հաւատքի առաքեալը'' հատորը։

301 միջակ չափի էջերու վրայ տարածուած այս գեղատիպ հատորը ձօնուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա կաթողիկոսի գահակալութեան 10-ամեակին եւ դպրեվանքի հիմնադրութեան 70ամեակին։ Լոյս տեսած է Հալէպ, 2007-ին, Բերիոյ հայոց թեմի հրատարակութամբ, Գիրքին վաճառքէն գոյացած հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի դպրեվանքին։

Նախաճաշակ մը տալու համար գիրքին սկիզբը տեղադրուած է Արամ Աի կաթողիկոս ընտրութենէն անմիջապէս ետք արտասանած խօսքը, Տէ՛ր, ցոյց ինձ ճանապարհ յոր եւ գնացից վերնագրով։ Այնուհետեւ, կ'ընդգրկէ հիմնական վեց բաժիններ եւ համապատասխան 35 ենթաբաժանումներ, որոնց բովանդակութիւնները տրուած են ժամանակագրական կարգով եւ կը պարփակեն 1980-2007 տարիներու ժամանակամիջոցը։

Հաւատքի առաքեալը, Արամ Ա կաթողիկոսի մտքին, հոգիին, գրիչին, տագնապներուն, ապրումներուն, նուաճումներուն, յոյսերուն ու յոյզերուն ճառագայթումներէն քաղուած ընտիր ու պատգամաշեշտ ծաղկաքաղ մըն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.