2009-08-30 14:01:40

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, Օգոստոս 30, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, Գասթել Կոնտոլֆօ ամառնային քահանայապետական ամառանոցի պալատէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ուրախութեամբ կ'ողջունեմ բոլոր անոնք որոնք կը մասնակցին կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին։ այսօրուան ծիսակատարութիւնը կը հրաւիրէ մեզ ուշադրութեամբ անսալու Աստուծոյ խօսքը ու հաւատարիմ ըլլանք անոր, ու զայն գործադրենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Աստուծոյ խօսքը մեզի համար պէտք է ըլլայ աղբիւր իմաստութեան, լոյսի, ու կեանքի։ Գիտնանք ժամանակ առնել ընկալելու Աստուծոյ խօսքը, խորհրդածենք անոր վրայ որպէսզի խորապէս արմատանանայ մեր մէջ։ Այնատեն մեր գոյութիւնը պիտի պտղաբերէ ու դրսեւորէ Աստուծոյ սէրը բոլորին հանդէպ։

Մարեմեան աղօթքին աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողոջունեց տարբեր երկիրներէն եկած ուխտաւորները։ եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը տալէ յիշեցուց թէ յառաջիկայ երեքշաբթի օրը, սեպտեմբեր մէկ, Իտալիոյ մէջ կը յիշատակուի արարչագործութեան պահպանումի օրը։ Ասիկա նշանակալից ժամադրութիւն մըն է եւ համամիութենական բնոյթ ունի։ Այս տարի արարչագործութեան պահպանումի օրը շեշտը կը դրուի օդի վրայ, ասիկա կեանքի անհրաժեշտ մէկ տարն է կը խրախուսեմ ամէնքդ պահպանելու արարչագործութիւնը որ աստուածային մէկ պարգեւն է։ մասնաւորապէս կը քաջալերեմ ճարտարարուեստականացած երկիրները պատասխանատուութեամբ համագործածկցիլ ապագայ երկրագունդին համար եւ աղքատ երկիրներուն վճառել չտան բնութեան յեղաշրջումը։ Ապա Սրբազան Հայրը բոլորին ըսաւ. բարի կիրակի եւ Հուսկ, ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։



Քահանայապետական անուանում

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց կարտինալ Յովակիմ Մէյսներ, առաջնորդը Գոլոնիա թեմին, որպէս իր յատուկ նուիրակը գլխաւորելու սուրբ Լուտկերուսի մահուան 12րդ դարադարձի հանդիսութիւնները։

Սուրբ Լուտկերուս եղաւ առաջին եպիսկոպոսը Միւնսդեր թեմին եւ առաքեալը Գերմանիոյ Սասոնի եւ ֆրիզոնի մարզերուն։

Տօնախմբութիւնները տեղի կ'ունենան Էսէն թեմի մէջ սեպտեմբեր 6-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.