2009-08-30 14:02:36

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Իտալիոյ դեսպանը


Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Իտալիոյ դեսպանը



Ուրբաթ 28 Օգոստոս 2009-ին, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը սկսող Իտալիոյ արտակարգ և լիազօր դեսպան՝ Պրունօ Սքաբբինին։

Վեհափառը բարի գալուստ մաղթելով նորանշանակ դեսպանին, գոհունակութեամբ անդրադարձաւ հայ-իտալական դարաւոր կապերուն և Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ և Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջև ստեղծուած ջերմ յարաբերութիւններուն։

Գարեգին Բ դեսպանին յայտնեց իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը Իտալիոյ իշխանութիւններուն ՜՜ իրենց ցուցաբերած աջակցութեան և օժանդակութեան համար, երկրաշարժէն և անկախութիւնէն ետք Հայաստանին և հայ ժողովուրդին ։

ՀՀ մէջ Իտալիոյ արտակարգ և լիազօր դեսպան Պրունօ Սքաբբինի իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց Հայրապետին ջերմ ընդունելութեան համար և ընդգծեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է ըլլալ հայոց հաւատքի կեդրոնը և իր ծառայութիւնը բերել Հայաստանի նման հին քաղաքակրթութիւն և հարուստ մշակոյթ ունեցող երկրի մէջ։ Դեսպանը նաև տեղեկութիւններ տուաւ վեհափառին դեսպանութեան մօտակայ ծրագրերու մասին։

Աւարտին Գարեգին Բ յաջողութիւն մաղթեց նորանշանակ դեսպանին իր առաքելութիւնն իրականացնելու գործով։

Սոյն հանդիպումին ընթացքին Հայոց Հայրապետը և Իտալիոյ դեսպանը, նաև մտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային խնդիրներու, քրիստոնէական արժեհամակարգի և արդի մարտահրաւէրներուն շուրջ։


Կորքիի Գործերուն Նուիրուած Ցուցահանդէս՝ 3 Քաղաքներու Մէջ
Ֆիլատելֆիա - Կազմակերպութեամբ Ֆիլատելֆիոյ արուեստի թանգարանին եւ համագործակցութեամբ Լոնտոնի «Թէյթ մոտըրն» թանգարանին ու Լոս Անճելըսի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին (MOCA), այս տարուան Հոկտեմբեր 21էն սկսեալ մինչեւ 2010ի Սեպտեմբեր 20 ժամանակահատուածին, յիշեալ թանգարաններուն մէջ տեղի պիտի ունենայ հայազգի արուեստագէտ Արշիլ Կորքիի (1904-1948) գործերուն ընդարձակ ցուցադրութիւնը: Առաջին ցուցադրահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Ֆիլատելֆիոյ մէջ, Հոկտեմբեր 21, 2009էն մինչեւ Յունուար 10, 2010, որմէ ետք ցուցահանդէսը պիտի փոխադրուի Լոնտոն (Փետրուար 10էն Մայիս 3), ապա հասցնելու համար Լոս Անճելըս, ուր ցուցադրութիւնը պիտի սկսի յառաջիկայ տարուան Յունիս 6ին եւ պիտի աւարտի Սեպտեմբեր 20ին: Ցուցահանդէսներուն ընթացքին պիտի ներկայացուին Վան ծնած Կորքիի (բուն անունով՝ Ոստանիկ Ատոյեան) մօտաւորապէս 180 կտաւները, արձաններն ու թուղթի վրայ գծագրութիւնները, որոնք պիտի մեկտեղուին ամերիկեան եւ եւրոպական թանգարաններէ եւ անհատական հաւաքածոներէ: Ամերիկեան արուեստը դէպի վերացականութիւն առաջնորդած Կորքիի ստեղծագործութեան երեք տասնամեակներու հետաքրքրական այս մէկտեղումը իր տեսակին մէջ առաջինն է 1981էն ի վեր, եւ բնականաբար, հարստացած պիտի ըլլայ անկէ ի վեր լոյս տեսած երեք յատկանշական հատորներու տեղեկութիւններով, որոնք շեշտը դրած էին Կորքիի հայկական ինքնութեան եւ անոր ունեցած ազդեցութեան վրայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.