2009-08-28 14:28:06

Քահանայական տարի Ձեռնադրութիւն խորհրդածութիւն


Քահանայական տարի Ձեռնադրութիւն խորհրդածութիւն



Ահա քահանացու աշակերտը, պատրաստութեան երկար տարիներէ ետք, հասած Ձեռնադրութեան օրուան: Այն շքեղ արարողութիւնը, որուն ընթացքին իրեն պիտի տրուի քահանայութեան կարգի խորհուրդը, լոկ իշխանութիւններու յանձնում չէ: Ձեռնադրողը, ‘Նուրիեալը’, հիմնովին կը փոխուի՝ իր էութեան մէջ, ընդմիշտ դառնալու համար մշտնջենաւոր Քահանայապետ՝ Քրիստոսի պաշտօնեան: Ուստի քահանային առաջին պարտականութիւնն է ‘Իր անձնական սրբութեան ձգտիլ’:

Նորօծ քահանան չի խռովիր եպիկոպոսին ձեռքէն ստացած արատովոր բոլոր իշխանութիւններէն, եւ ոչ ալ իրեն ընծայուած պատիւներէն: Գիտէ միայն որ Յիսուս Քրիստոսի քահանան է եւ որ առանց իր աստուածային վարդապետին ինք ոչինչ է: Իր եւ Տիրոջ միջեւ կը սկսի մտերիմ կեանք մը, զոր ոչ մէկ բառ կարող է արտայայտել: Սուրբ Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ. ‘Ապրողը ես չեմ այլեւս. Քրսիտոս կ’ապրի իմ մէջս’:

Քահանան՝ Աստուծոյ եւ մարդոց հանդէպ իր ունեցած սէրը կը յայտնէ նախ իր աղօթքին մէջ, կ’աղօթէ իր անձին համար՝ խնդրելով Քրսիտոսէ որ հաւատարիմ պահէ զինք իր առաքելութեան: Բայց կ’աղօթէ մանաւանդ ուրիշներուն համար: Ո՜հ, որքան մեծ են հոգիներու կարիքները:

Քահանան՝ Աստուծոյ եւ մարդոց հանդէպ իր ունեցած սէրը կը փաստէ նաեւ իր ամէնօրեայ կեանքով: Չի փնտռեր ոչ պատիւ, ոչ դրամ: Կ’ապրի համեստութեամբ, ձերբազատուած երկրաւոր բարիքներէ, մտահոգուած ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ արքայութեամբ:

Քահանան ամէն տեղ կ’ապրի Աստուծոյ ներկայութեամբ: Զինքը պատող ժխորը իր ներքին ամփոփումէն չի բաժներ: Որպէս Քրիստոսի վկայ՝ զԱստուած կը կրէ ամէն տեղ ուրկէ կ’անցնի եւ ամէնուն կը յիշեցնէ՝ թէ Աստուծոյ հետ կապուած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.