Անձի մը ինքնութիւնը գիտնալը կարեւոր
է, մանաւանդ երբ մասնաւոր կապ մը, գործ կամ առաքելութիւն մը ունինք իրագործելիք անոր
հետ: Ընկերային կեանքի ամէնէն անհրաժեշտ երեւոյթներէն մէկն է ասիկա: Յատկապէս, երբ ընտանիքներ
նոր կը ծանօթանան իրարու, եւ յանկարծ եթէ պատահի, որ խնամախօսական նպատակներով ճամբայ
ելլեն, մանրակրկիտ հետազօտութիւն կը կատարեն: Հետաքրքրական է նաեւ, որ այս հարցուփորձի
ընթացքին ամուսնութեան թեկնածու աղջիկը կամ տղան չէ որ միայն քննարկումի նիւթ կը դառնայ,
այլ անոնց ամբողջ ընտանիքը, երբեմն անոնց նախորդ սերունդը, որքան որ կարելի ըլլայ դէպի
անցեալ խորասուզուիլ:
Ոմանք կը փորձեն փարատել հարցուփորձ ընողներուն ծայրայեղ
մտահոգութիւնը, մանաւանդ, երբ ոչ պատուաբեր անցեալ ունեցող ընտանիքի մը զաւակին կամ թորան
մասին է խօսքը, ըսելով, թէ անձը ոչ մէկ յանցանք ունի՝ իր նախնիներուն ժառանգորդը ըլլալով:
Իւրաքանչիւր անձ, տարբեր անհատականութիւն մըն է, մանաւանդ երբ լաւ կրթութիւն ստացած է,
քրիստոնեայ դաստիարակներու ձեռքին տակ: Այդպէս չէ՞ր մեր պատմութեան հերոսներէն Ս. Գրիգոր
Լուսաւորիչ, որ դաւադիր Անակի զաւակն էր: Հայաստան աշխարհի քրիստոնէութեան դարձը, սակայն,
անոր ձեռքով եղաւ, որովհետեւ քրիստոնէական կրթութեամբ մեծցաւ, ու աստուածային առաքինութիւններ
աճեցան իր հոգիին մէջ: Այլապէս, Հայոց արքան սպաննող Անակի զաւակը ըլլալով՝ Գրիգոր յաւիտենապէս
մերժուած պէտք է ըլլար մեր ժողովուրդէն:
Հետեւաբար, զաւակ մը, թոռ մը, կամ ընտանիքի
որեւէ մէկ անդամին հետ մեր առնչութիւնը կախեալ չէ՛ տուեալ գերդաստանին պատկանած վատահամբաւ
անձի մը ներկայացուցած բարոյական կարգավիճակէն:
Հակառակ այս տրամաբանութեան եւ
դատողութեան եղանակին, դիմացինին ինքնութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը մարդոց մտքին մէջ
կը մնայ դրոշմուած զանազան հարցականներով: Ոմանք ուղղակի կ՛արտայայտեն իրենց մտքի հարցումը,
երբ մէկը ինքզինք կը ծանօթացնէ իրենց. անոնք կը պատասխանեն. «… Իսկ, դուք ո՞վ էք»: Այս
հարցումին Սուրբ Գրային տեսակին կը հանդիպին Նոր Կտակարանի էջերուն: Գործք Առաքելոց գիրքին
մէջ կը կարդանք, թէ Պօղոս առաքեալ Գաղատիոյ եւ Փռիւգիոյ կողմերը պտտելէ ետք, Եփեսոս կ՛երթայ:
Անոր ձեռքով արտասովոր հրաշքներ տեղի կ՛ունենան: Մարդիկ հաւատքէ մղուած՝ մինչեւ իսկ իր
քրտինքոտ թաշկինակը եւ գործի հագուստը կը տանէին հիւանդներուն եւ անոնք կը բժշկուէին
իրենց ցաւերէն ու չար ոգիներէն (Հմմտ Գրծ 19.11-12):
Նոյն էջերուն մէջ կ՛ըսուի
նաեւ, որ կարգ մը հրեաներ, որոնք շրջելով՝ աղօթք կ՛ընէին, չար ոգիներ հանելու համար Յիսուսի
անունը կ՛օգտագործէին: Սկեւա անունով հրեայ քահանայի մը եօթը զաւակները արհեստի վերածած
էին այս մէկը: Անոնք յանդգնեցան չար ոգի ունեցող մարդ մը բժշկելու համար անոր մէջ բնակութիւն
հաստատած ոգիին ըսել. «Երդումով կը հրամայեմ ձեզի՝ այն Յիսուսին անունով, զոր Պօղոս կը
քարոզէ»:
Եւ զարմանալիօրէն, մարդուն մէջէն չար ոգին կը պատասխանէ ըսելով.
-
Յիսուսը գիտեմ, Պօղոսն ալ կը ճանչնամ. իսկ, դուք ո՞վ էք:
Այս ըսելով, չար ոգի
ունեցող մարդը կը յարձակի եօթը եղբայրներուն վրայ, եւ մէկ առ մէկ կը խոշտանգէ զանոնք
եւ կիսամերկ ու վիրաւոր կը փախչին այդ տունէն: Ասոր վրայ, Եփեսոսի բնակչութեան մէջ վախ
մը կ՛իյնայ, կախարդութիւն ընողներ իրենց գիրքերը մէջտեղ կը հանեն ու կ՛այրեն եւ Քրիստոսի
Եկեղեցին կը զօրանայ:
Յարձակողական այն կերպը, որով չար ոգին հարցուց վերոյիշեալ
«իսկ, դուք ո՞վ էք» հարցումը, կեանքի ընթացքին շատեր կը հարցնեն, մանաւանդ երբ ամբարտաւան
մարդոց դէմ յանդիման գտնուին: Մարդիկ, որոնք մասնաւոր պատասխանատուութիւն մը չունին,
ոչ ալ կարեւոր ներդրում կատարած են կամ կը կատարեն, սակայն փառքի վերարկուին կը պլլուին,
եւ անոր շողշողուն փայլը օգտագործելով՝ իրենք զիրենք կը ծանօթացնեն մեծութիւններու: Մարդիկ,
քաղաքավարութեան համար նախ կ՛ունկնդրեն զիրենք, կը կշռեն անոնց իմացական կարողութիւնը
եւ ի վերջոյ, որոշ դատաստան մը կատարելէ ետք իրենց մտքին մէջ, անխուսափելի հարցումը կ՛ուղղեն
անոնց.
- Իսկ, դուք ո՞վ էք:
Երբեմն կեանքի մէջ կարեւոր է ճանչնալ մեր խօսակիցը,
կամ անոնք, որոնց հետ գործ պիտի ունենանք՝ հարցնելով այս պարզ, բայց յարգալից հարցումը…: