2009-08-27 13:19:35

Լուրեր հայկական կեանքէն։


Երեւան - Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան այցելած է քանդակագործ Լեւոն Թոքմաճեանի արուեստանոցը, ուր ծանօթացած է անոր վերջին աշխատանքի նախնական տարբերակին։ Թոքմաճեան ներկայացուցած է Տագնապ քանդակախումբը, որ յաւերժացումն է Օսմանեան կայսրութեան իրագործած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր ընթացքին զոհ գացած մտաւորականութեան յիշատակին։

Նշենք, որ քանդակախումբը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակին եւ իրականացուած է պետութեան աջակցութեամբ։



Մոսկուա - Սեպտեմբեր 2 - 7 Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ 22-րդ Գիրքի միջազգային ցուցահանդէս-տօնավաճառը, որուն պիտի մասնակցի Հայաստան՝ 11-րդ տարին ըլլալով եւ պետական մակարդակով։ Այս տարուան ցուցահանդէս-տօնավաճառին Հայաստան պիտի ներկայանայ աւելի քան 150 գիրքերով, որոնցմէ մօտաւորապէս հարիւրը հրատարակուած է պետական պատուէրով, իսկ մնացեալը՝ սեփական հրատարակչութիւններու տպագրութիւններ են։ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հրատարակչական գործակալութեան նախագահ Է Մելիտոնեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մաս պիտի կազմեն՝ Էտիթ փրինթ, Անտարես, Ոսկան Երեւանցի հրատարակչութիւններու ներկայացուցիչները եւս։

Նշենք, որ հայկական տաղաւարին մէջ հիմնականօրէն պիտի ներկայացուին վերջին երկու տարիներուն հրատարակուած Հայաստանի մշակոյթը եւ ժառանգութիւնը ներկայացնող թարգմանական, մանկական եւ ալպոմային գրականութիւնը։ Տաղաւարին մէջ տեղադրուած պիտի ըլլան նաեւ հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակը նշող պաստառներ։

Ցուցահանդէսի ծիրին մէջ սեպտեմբեր 4-ին տեղի պիտի ունենայ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան երկիրներու գրքարուեստի միջազգային մրցանակաբաշխութեան վկայագիրներու յանձնման արարողութիւն։ Միջազգային այս մրցանակաբաշխութեան Հայաստանէն առաջին կարգի վկայագիրի արժանացած են երկու գիրքեր, Արուեստի գիրք անուանակարգին մէջ՝ Վան Խաչատուրի՝ Գոյնը 14-19-րդ դարու հայ ճարտարապետութեան մէջ ուսումնասիրութիւն-ալպոմը եւ Գագիկ Պաղտասարեանի՝ Երեւան, Երեւանի անցեալն ու ներկան պատկերող ալպոմը։



Մարսիլիա - Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է Հայաստան գտնուող Մարսիլիոյ Ֆրանսայի Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչներն ու Արաքս եւ Սասուն պարախումբի անդամները։ Անոնք նախարարին հետ բաժնեցին իրենց տպաւորութիւնները՝ շեշտելով, որ սփիւռքահայերը եւս դերակատարութիւն ունին ներդրում կատարելով։ Երիտասարդները կարեւոր նկատեցին ազգային մշակոյթի պահպանումն ու անոր փոխանցումը յառաջիկայ սերունդներուն։

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարը նշեց, որ թէեւ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ ապրող հայերը թէեւ կրնան տարբերութիւններ ունենալ, սակայն հայրենիքի հզօրացման, պատմական, մշակութային եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանման իմաստով պէտք է ըլլանք միասնական համախմբուած։







Երեւանը լուսանկարներու ընդմէջէն խորագիրը կրող ցուցահանդէս։

Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ, Երեւանը լուսանկարներու ընդմէջէն խորագիրը կրող ցուցահանդէսին որուն ընթացքին ներկայացուեցան շուրջ 220 լուսանկարներ։ Ցուցահանդէսը կոչուած է ներկայացնելու 19-րդ դարու աւարտին, 20-րդ դարու առաջին կէսին Երեւանի պատկերը եւ այն ուղին, ուրկէ անցած է մեր հնամեայ մայրաքաղաքը։ Ցուցահանդէսը բաղկացած է երեք բաժիններէ՝ Երեւանի տնտեսութիւնը, կրթութիւնը եւ մշակոյթը ներկայացնող լուսանկարներ, Երեւանեան փողոցները, բակերը եւ կառոյցները պատկերող բաժին, ինչպէս նաեւ երեւելի եւ տոհմիկ ընտանիքներու լուսանկարներ։ Այս ցուցահանդէսը նաեւ անցեալը ներկային կը կամրջէ։



Ականաւոր Անանիա Շիրակացիի արձանը Գիւմրիի մէջ ։

Գիւմրիի մէջ, մօտ օրէն պիտի տեղադրուի 7-րդ դարու փիլիսոփայ Անանիա Շիրակացիի պազալթէ արձանը, որուն հեղինակն է քանդակագործ Սամուէլ Պետրոսեան։ Հեղինակը միջնադարեան հայ մտածողին արձանի ստեղծման աշխատանքներուն ձեռնարկած էր նախքան 1988-ի երկրաշարժը, սակայն ծրագիրը սկսած է իրականանալ 2007-ին՝ Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի նախաձեռնութեամբ։

Ըստ քանդակագործին, 8 մեթր բարձրութիւն ունեցող արձանը նուիրատուութիւնն է Գիւմրիին իր եւ ճարտարապետներ Արթուր Թարխանեանի եւ Վարդան Շախուլեանի կողմէ։ Արձանը պիտի տեղադրուի Շիրակացի փողոցին վրայ։

Նոյնպէս` Կը ծրագրուի Գիւմրիի մէջ կառուցել քանդակագործ եւ նկարիչ Էմիլ Գազազի նուիրուած տուն թանգարան մը։

Նկարիչ Գազազի կնոջ Մանէ Այրեանի համաձայն՝ ան Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան եկած է նկարիչին ցուցահանդէսին ներկայ գտնուելու նպատակով։ Էմիլ Գազազ վերջին անգամ իր ծննդավայրը գտնուած է 1986-ին, որովհետեւ 1988-ի երկրաշարժէն ետք ան վախցած է վերստին այցելելու Գիւմրին, որպէսզի չտեսնէ իր հարազատ քաղաքին փոխուած եւ աւերուած վիճակը։ Ի դէպ, նկարիչ Էմիլ Գազազ, բուն անունով Մանուէլ Գազազեան, ծնած է 1953-ին, Գիւմրի։








All the contents on this site are copyrighted ©.