2009-08-26 12:03:24

Էջ մը հայ գրականութենէն - «Գիր Կեանքի» Հեղինակ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան


Էջ մը հայ գրականութենէն - «Գիր Կեանքի» Հեղինակ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան



2008ին Կլէնտէյլի մէջ լոյս տեսաւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանի «Գիր կեանքի» խորագրեալ հատորը՝ մեկենասութեամբ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին: Հեղինակը՝ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանը, աւազանի անունով Յակոբ Հապէշեան, ծնած է Մուսա Լեռ, 28 Մայիս 1933ին:

Աւարտելէ ետք Այնճարի «Յառաջ» վարժարանը, անցած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վանք, զոր ձգած է անաւարտ՝ պաղեստինեան պատերազմին պատճառով: Ապա վերադարձած է Լիբանան եւ ընդունուած Անթիլիասի դպրեվանքը: 1953ին նետուած է կրթական ասպարէզ եւ պաշտօնավարած լիբանանահայ ազգային կարգ մը վարժարաններու մէջ: 1969ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ուր ձեռնադրուած է քահանայ:

Վաղ տարիքին ցոյց տուած է գրական հակումներ՝ ստորագրելով չափածոյ եւ արձակ գրութիւններ պարբերական մամուլին մէջ:

Արդարեւ, «Գիր կեանքի» խորագրեալ հատորը կը բաղկանայ 442 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ վեց բաժինները. «Փոխան յառաջաբանի», «Ծննդական», «Ապրիլեան օր», «Հաւատքի եւ սիրոյ մասին», «Քերթողական» եւ «Հաշտութիւն»:

Սոյն գործին սկիզբը հեղինակը կ՛անդրադառնայ արարչագործութեան խորհուրդը եղծանող Առաջին Մեղքին, զոր գործեցին մեր նախահայրն ու նախամայրը եդեմական պարտէզին մէջ: Այս պատճառով Ադամն ու Եւան արտաքսուեցան դրախտէն ու զրկուելով աստուածային շնորհներէն՝ դարձան անտուն ու թափառական: Աստուծոյ յուսադրիչ ներկայութենէն հեռու ու տիեզերքի անծանօթ իրականութեան առջեւ պարուրուեցան անոնք, մահուան մշտանորոգ անդոհանքով: Այսպէս, թափառելով լեռնադաշտէ լեռնադաշտ, պանդուխտ զաւակներու նման, մեր նախածնողները մեղանչական իրենց վարքով կեանքի գիրը յօրինեցին:

Մեկնելով աստուածաշնչական վերոյիշեալ իրողութենէն՝ Խորէն Ա. քահանայ կը փոխանցէ այն մտածումը, թէ Աստուած շնորհած է իրեն լայն ազատութիւն, որ կատարէ աստուածահաճոյ գործեր՝ ցուցաբերելով սէր եւ խանդաղատանք մարդկութեան հանդէպ:

Կ՛ըսէ, թէ տաճարին մէջ կ՛ուզէ ոգեւորուիլ Աստուծոյ լուսեղէն ներկայութեամբ, կ՛ուզէ լիանալ խունկի երկնաբոյր քաղցրութեամբ, աղօթել, վերանալ եւ դառնալ անբաժանելի մէկ մասնիկը աստուածային արարչութեան:

Հեղինակը կը հաստատէ այն ճշմարտութիւնը, թէ Աստուած մարդ էակին տուաւ ազատ կամք՝ ձգելով իր հայեցողութեան չարի եւ բարիի միջեւ որոշում կայացնելու նախընտրանքը: Բայց այս պարագային, մարդ էակը, հակառակ ազատ ըլլալուն, տագնապեցաւ երկմտութեան զգացումով:

Պէտք է ըսել, որ «Գիր կեանքի» խորագրեալ հատորը մենախօսութիւն մըն է, ուր հեղինակը կ՛անդրադառնայ այն յոռի երեւոյթներուն, որոնք ծնունդ առին Ադամի ու Եւայի դրախտէն արտաքսուելէ ետք, ինչպէս՝ Կայէնի եւ Աբէլի, Յակոբի ու Եսաւի ոճրապարտ եւ ստապատիր արարքները, որոնք դարերէ ի վեր կը գործուին նոյն եղերականութեամբ:

Հատորին «Քերթողական» խորագրեալ բաժինը կը բաղկանայ «Շղթայուած սէր», «Դուն» ու «Ես» չափածոյ գրութիւններէ, ուր Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան կը յայտնէ, թէ մարդկային կեանքը հիմնուած է բամբասանքի եւ կեղծիքի վրայ, հետեւաբար ո՛չ ոք ճշմարտապէս կը սիրէ բարին եւ ո՛չ ոք կ՛ատէ չարը…

Սոյն գործին «Հաշտութիւն» խորագրեալ վերջին բաժինով հեղինակը կը կատարէ խորհրդածութիւններ մահուան մասին՝ հարց տալով, թէ ի՞նչ է մահը եւ ի՞նչ է հոգիի անմահութիւնը: Իսկ «Մեկնողին հետ» եւ «Մեռնողի հոգի» ենթաբաժիններով, կու տայ մեկնութիւններ մահուան առեղծուածին շուրջ:

Արդարեւ, «Գիր կեանքի» խորագրեալ հատորը աստուածաբանական հարցեր բովանդակող շահեկան հրատարակութիւն մըն է, որուն ընթերցումով կը ծանօթանանք Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանի հոգեմտաւոր աշխարհին եւ իմացական մտորումներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.