2009-08-26 12:03:10

Եկեղեցական լուրեր։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ժողովը


Եկեղեցական լուրեր։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ժողովը

26 օգոստոսէն 3 սեպտեմբեր 2009, Ժընեւի իր կեդրոնատեղիին մէջ, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը պիտի գումարէ իր Կեդրոնական վարչութեան ժողովը։ Սոյն ժողովին, յանուն հայ եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ժողովի անդամներ Նարեկ եպս Ալեէմէզեան եւ դոկտ Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը ներկայացնեն Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Վիգէն արք? Այքազյան և գործադիր վարչութեան անդամ երեցկին Փոլա Դևեջեան?

Ժողովի օրակարգերուն մաս պիտի կազմէ ընտրութիւնը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նոր ընդհանուր քարտուղարին, որ պիտի շարունակէ խորհուրդի այժմու ընդհանուր քարտուղար դոկտ Սէմ Քոպիայի պաշտօնը։ Ժողովը նաեւ աշխատանք պիտի կատարէ կազմակերպելու Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի յաջորդ համաժողովը։



հայկական գրադարաններու միջազգային առաջին համագումարի բացում

Ս. Էջմիածինի մէջ երէկ սկսաւ հայկական գրադարաններու միջազգային առաջին համագումարը, որուն կը մասնակցին ոչ միայն հայաստանեան գրադարաններու ներկայացուցիչներ, այլեւ հրաւիրեալներ Պոլսոյ պատրիարքարանէն, Վենետիկէն եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւններէն, Հարվըրտի, Միշիկընի եւ ամերիկեան այլ հեղինակաւոր համալսարաններէն ու գրադարաններէն եւ մասնագէտներ Ֆրանսայէն եւ Ռուսիայէն։

Համագումարի բացումը կատարեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս Այս համագումարը առանձնայատուկ է, ըսաւ վեհափառը, որովհետեւ անիկա կը նուիրուի հայ տպագրութեան 500-ամեակին, զոր կը պատրաստուինք տօնախմբել 2012 -ին հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ, արժեւորելով՝ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ հայ գիրքի պատմութեան մէջ յաջորդ նշանակելի իրադարձութիւնը, որ սկիզբ առաւ տպագրութեան գիւտի արշալոյսին հետ, ։








All the contents on this site are copyrighted ©.