2009-08-25 13:50:17

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Որքան պզտիկ է Արս գիւղը 1818


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Որքան պզտիկ է Արս գիւղը 1818



19րդ դարուն սկիզբը, Արսի շրջանը անբաղձալի երկիր մըն էր։ Բազմաթիւ էին ճախճախուտները, որով խոնաւ եւ վատառողջ կլիմայ մը ունէր։ Հողը բերրի չէր եւ ժողովուրդը ոչ միայն աղքատ էր, այլեւ թշուառ։

Հաւանաբար Գուրպոն ընդառաջ գալու համար այս խեղճ գիւղացիներուն, Վիաննէի նման վեհանձն հովիւի մը յանձնեց անոնց խնամքը։ Անոնք 230 հոգի էին միայն։

Յեղափոխութենէն առաջ բոլոր ժողովուրդը, դարերէ ի վեր կը յաճախէր գիւղի կեդրոնը գտնուող հին եկեղեցին։

Տէր Լեգուր նախկին կրօնաւոր եւ ըմբոստ քահանան կ̓այցելէր գիւղերը եւ ագարակները գաղտնաբար կը պատարագէր։ Երբ խաղաղութիւն տիրեց, ինք կը քահանայագործեր Ասրի մէջ մինչեւ 1804։ Եւ օր մըն ալ տեղեկագիր ղրկեց եպիսկոպոսին.

-Միայն կիները, աղջիկները եւ տղաքը եկեղեցի կը յաճախեն եւ խորհուրդներուն կը մօտենան։ Իսկ այրերը` հեռու կը մնան... զարմանալի կերպով կը հետեւին ժամերգութիւններուն...։

Այս հին կրօնաւորին կը յաջորդէ երիտասարդ քահանայ մը` Տէր Պերժէ, որու ազդեցութիւնը մեծ կ̓ըլլայ քանի մը ընտանիքներու վրայ։ Սակայն ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կը գոհանայ միջակ հաւատքով մը, որ չ̓ազդեր առօրեայ կեանքին վրայ։ Թշնամութիւնները եւ բաժանումները բազմաթիւ են։

Ուրբաթ, 13 Փետրուար 1818ին Ժան Մարի Վիաննէ կը հասնի Արս։ Սայլ մը, առաջնորդուած Էքիւլիի հաւատացեալէ մը, զինք կը փոխադրէ իր համեստ օժիտով, զոր ժառանգ ձգած է Տէր Պալի։ Քանի մը կարասի, խոհանոցի ամաններ, քանի մը սրբանկարներ եւ մանաւանդ գրադարան մը 300հատորէ աւելի...

Սայլին վրայ նստած է նաեւ հին բարեկամուհի մը Էքիւլլի ժողովրդապետանոցէն` Պիպոսթ, բարի այրի տիկինը։ Անիկա կը զբաղէր քահանայատունով եւ կը հոգար Տէր Պալիի եւ իր փոխանորդի հանդերձեղէնները։ Ինք յանձն առած էր օգնելու Ժան Մարիի։

Էքիւլիէն Արս հեռաւորութինը շուրջ քառասուն հազարամէթր է. Մէկ օրուան ճամբայ։

Երբ Արսի կը մօտենան, երկճիւղ ճամբու մը դիմաց կանգ կ̓̓առնեն։ Օդը մշուշոտ է, յստակ չերեւիր գիւղը։ Հոն հովիւներու կը հանդիպին եւ Ժան Մարի անոնց մօտենալով կը հարցնէ Արսի ճամբան։ Անոնց մէջէն Անթուան Ժիվրէ անունով տղան ընդառաջ կու գայ եւ ուղիղ ճամբան կը բացատրէ։ Աւանդութիւնը կ̓ըսէ թէ երիտասարդ վարդապետը ուրախութեամբ կը բռնէ այդ մանչուկին ձեռքը եւ կ̓ըսէ.

-Դուն ինծի Արսի ճամբան ցոյց տուիր, ես ալ քեզի երկինքի ճամբան պիտի ցուցնեմ։

Թէ ապագային ինչ եղաւ այդ երջանիկ հովիւը, չենք գիտեր. Միայն պատմութիւնը կը գրէ թէ Անթուան Ժիվրէ մեռաւ Ժան Մարիէն քանի մը օր ետքը։

Գիւղին մուտքին պղնձէ յուշարձանը մը, կը յիշեցնէ վարդապետին հետ իր առաջին հանդիպումը։

Քիչ ետք վարդապետը հեռուէն տեսաւ իր գիւղին համայնապատկերը համախմբուած եկեղեցիին շուրջ եւ բերնէն բացականչութիւն մը թռաւ.

-Ո~րքան պզտիկ է Արս գիւղը։

Գաթրին Լազան կը պատմէ թէ հազիւ գիւղին սահմանը մտած, Վիաննէ ծունկի եկաղ եւ աղօթեց իր փոքրիկ ժողովրդապետութեան համար։

Գիւղապետը եւ իր օգնականը ընդառաջ եկան զինք ընդունելու եւ ամէնքը դէպի քահանայատուն ուղղուեցան։

Ուրբաթ էր հասած օրը, որով եկող Կիրակին իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ իր հօտին հետ։ Բոլոր գիւղը հաւաքուած էր հանդիսաւոր պատարագին համար, եթէ ոչ բարեպաշտութենէ մղուած, բայց գէթ հետաքրքրութեան համար։ Այդ օրերուն նոր ժողովրդապետի մը գալուստը, նշանակալից դէպք մըն էր։

Շուտով նոր քահանային վարուելակերպը նախ հետաքրքրութիւն եւ բարբաջանք արթնցուց, բայց յետոյ անոնց մէջ ծաղկեցոուց սքանչացում եւ սէր հանդէպ իրենց հեզ ու խոնարհ հովիւին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.