2009-08-25 13:49:58

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիրը ի լուր' հարաւային Քորէայի երբեմնի նախագահ Քիմ Տէ Եունկի մահուան։

Հեռագիրին մէջ, Նորին Սրբութիւնը Ամենակալ Աստուծոյ անհուն սիրոյն ու բարութեան կը յանձնարարէ հանգուցեալ նախագահին հոգին եւ միաժամանակ Քորէայի ժողովուրդին կը մաղթէ խաղաղութիւն եւ աստուածային օրհնութիւն։ Յայտնենք թէ հանգուցեալ նախագահը իր խաղաղարար նախաձեռնութիւններուն համար արժանացած էր նոպելեան խաղաղութեան մրցանակին։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խորհրդածութիւնը Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամի տօնին առիթով` ՜՜Մարդուն մեծութիւնը իր խոնարհութեան մէջ է՝՝։



Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամի տօնը հաստատուած է Պիոս 12-րդ Քահանայապետի կողմէ 31 մայիս 1955ին։ Լատին Եկեղեցին այս տօնը կը յիշատակէ օգոստոս 22ին, Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին մէկ շաբաթ ետք, եւ անով կը մեծարէ Մարիամի խոնարհութիւնը։

Մարիամ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Թագուհի է որովհետեւ կը մեծարէ Տէրը, ան կ'ուզէ որ Աստուած մեծ ըլլայ աշխարհի մէջ, մեր անձնական կեանքին մէջ։ Մարիամ չի նկատեր Աստուած որպէս մրցակից, մեր ազատութիւնը վանող։ Ան քաջատեղեակ է թէ ՜՜եթէ Աստուած մեծ է, նոյնպէս եւ մենք մեծ ենք՝՝։ Մարիամին հետ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, պէտք է սորվինք ըմբռնել այս ճշմարտութիւնը։ Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ՜՜Մարիամ տիեզերքի թագուհի է, որովհետեւ արարածներու ամենէն խոնարհն է։ Ան ընտրեց վերջին տեղը, իր Որդիին ամէնէն մօտը, որ Աստուած ըլլալով հանդերձ, Ինք՝ Յիսուս, հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ, մինչեւ խաչի մահը՝՝։

Սրբազան Քահանայապետը կոչ կ'ուղղէ երիտասարներուն ըսելով. ՜՜սիրելիներ մի փնտռէք հպարտութեան ուղին, այլ խնորհութեան ուղին, մի լսէք ձայնը անոնց որոնք կը քաջալերեն ամբարտաւանութիւնն ու բռնութիւնը ի գին ընկերային յաջողութեան, կը մեծարեն արտաքին երեւոյթը փոխան բարձր արժէքներու։ Մի վախնաք զատորոշուելէ՝ ուրիշներէն, նախընտրելով ՝ աւետարանական արժէքները վաղանցուկէն, մէկ խօսքով ջանացէք ապրիլ Քրիստոսի ապրած մարդկայնութիւնը՝՝։



Հունգարիոյ մէջ վերջ գտաւ Բեքս թեմի հիմնարկութեան հազարամեակի տօնախմբութիւնները

Վիեննայի առաջնորդը կարտինալ Շոնպորն որպէս Սրբազան Քահանայապետի առաքելական նուիրակ գլխաւորեց Բեքս թեմի հիմնարկութեան հազարամեակի տօնախմբութիւնները։ Իր արտասանած խօսքին մէջ կարտինալը հրաւիրեց հաւատացեալները ՜՜որ չվախնան, ոչ աշխարհականացած ընկերութենէն եւ ոչ ալ մեր սեփական տկարութիւններէն՝՝, ասիկա, ըսաւ ան, ՜՜նախապայման է որպէսզի խոնարհութեամբ ընթանանք Քրիստոսի ետեւէն եւ փնտռենք անոնք որոնք այլեւս չեն ճանչնար, կամ չեն ճանչցած Աւետարանը՝՝։ Յայտնենք թէ Բեքս քաղաքը հիմնուած է Հունգարիոյ Ս. Ստեփանոս արքայի կողմէ ։ Այս քաղաքը ոչ միայն կարեւոր է Հունգարիոյ համար այլեւ՝ Եւրոպայի քրիստոնէացումին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.