2009-08-24 12:50:31

Պենետիկիտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը Ռիմինիի ''ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան'' 30-րդ համագումարին մասնակցողներուն։


Պենետիկիտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը Ռիմինիի ''ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան'' 30-րդ համագումարին մասնակցողներուն։

Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ, Օգոստոս 23-29, տեղի կ'ունենայ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան համաժողովը ''ճանաչումը միշտ դէպք մըն է'' վերատառութեամբ։

Այս նիւթը հրաւէր մըն է խորհրդածելու մարդու, զգայարանքներու փնտռտուքի ու անոր յարաբերութիւնը աշխարհի հետ։ Ի տես ներկայ աշխարհի անապահովութեան ու տարակոյսներուն, 2009ի հաւաքը հրաւէր մըն է ճանչնալու իրերու իրականութիւնը։ Արդարեւ ճանաչումի ամէն մէկ ընթացքը հանդիպում մըն է մարդկային ուժականութեան ու ներկայութեան միջեւ, հետեւաբար դէպքը ինքնին, վկայութիւն մըն է ։ Այդ ուղղութեամբ Ռիմինիի հանդիպումները կը հիւրընկալեն վկաներ, որոնց համար կեանքը վերանորոգ ճանաչողական արժէք մըն է, բաց արժէքներու ու մարդկայնութեան ներշնչումներուն։

Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան Ռիմինիի 30րդ համաժողովը կիրակի օրը սկիզբ առաւ Ս. պարտարագով եւ որուն ընթացքին կարդացուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը։ Նորին սրբութիւնը ժողովականներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ, կը մաղթէ որ ՜՜հանդիպումը բարեպատեհ առիթ մը ըլլայ հասկնալու համար թէ ճանաչումը լոկ նիւթական ներգործութիւն մը չէ՝՝ որովհետեւ ամէն մէկ ճանաչումով ու իւրաքանչիւր սիրոյ ներգործութեամբ մարդուն հոգին կը փորձարկէ առաւել բան մը, որ նման է հոգին ազնուացնող պարգեւի , բարձրացումի մը։



Սրբազան Քահանայապետին նախկին աշակերտներու տարեկան ժողովը նուիրուած՝ առաքելութեան։

Օգոստոս 28-31 Գասթել Կոնտոլոֆոյի քահանայապետական ամառանոցին մէջ, տեղի պիտի ունենայ, Սրբազան Քահանայապետին նախկին աշակերտներու տարեկան ժողովը, նուիրուած՝ առաքելութեան։ Ամառնային այս հանդիպումին, այս տարի կը մասնակցին 42 աշակերտներ, որոնք ժամանակին իրենց տոքթորայի ուսումնասիրութիւնը պատրաստած են Հ. Ժոզէֆ Ռացինկերի հետ, երբ Սրբազան հայրը դասախօս էր Գերմանիա, Ռադիսպոնա համալսարանի մէջ։

Ամառանային այս տարուայ դասընթացքին կը ներկայացուին երկու դասախօսութիւններ. առաջինը ''Առաքելութիւնը հեթանոսներու մօտ, անոր արդարացումը ու ներկայ եղանակը'', երկրորդը` ''Եկեղեցի եւ առաքլելութիւն երկխօսութեան մէջ, մարդոց եւ զանազան կրօներու ու մշակոյթներուն հետ''։

Յայտնենք թէ ՜՜Ուսումնաժողովին՝՝ մասնակցողներու մեծամասնութիւնը գերմանացի են, անոնց կարգին միշտ եղած է գերապատիւ Հ. Անտոն վրդ. Սարոյեան` ժողովրդապետը՝ Լոս Անճըլըսի հայ կաթողիկէ հասարակութեան։

Օգոստոս 31ին, ուսումնաժողովին մասնակցողները ներկայ պիտի գտնուին Սրբազան Պապին պատարագին։ Ռացինկերի առաջին հանդիպումը նախկին աշակերտներուն հետ սկսած էր 1977ին, երբ ան եպիսկոպոս նշանակուեցաւ Միւնիխ թեմին։








All the contents on this site are copyrighted ©.