2009-08-24 12:38:47

Լուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն


Հայաստանի մէջ հոգեւոր վերածնունդի աշխուժացում։

Հայաստանի մէջ հոգեւոր յեղափոխութիւն մը իրականացած է, եւ մարդիկ սկսած են, աւելի ու աւելի փարիլ իրենց կրօնին եւ հաւատքին։ Ս. Էջմիածինը եւ Հայաստանի պետութիւնը, միասնաբար կ'աշխատին, որ հայ մարդը դառնայ իր եկեղեցիին, փարի անոր, յարգէ անոր աւանդութիւնները։

Ս. Էջմիածինը նոր հոգեւոր ճեմարաններով, տարուէ-տարի աւելի մեծ թիւով քահանաներ ու վարդապետներ կը պատրաստէ ու կը լծէ հովուական աշխատանքի, կը վերանորոգէ հին, եւ կը կառուցէ նոր եկեղեցիներ, կրօնի ու կրօնական ծէսերու եւ խորհուրդներու իմաստը բացատրող յայտագիրներ կը սփռէ տպագիր եւ եթերային մամուլով՝ հովանաւորելով ՜՜Վէմ՝՝ ձայնասփիւռի եւ ՜՜Շողակաթ՝՝ պատկերասփիւռի կայանները։

Պետութիւնը իր կարգին կը դիմէ որոշ քայլերու։

Նախ եւ առաջ, պետական բարձրագոյն պաշտօնեաները միշտ ներկայ են եկեղեցական կարեւոր տօներու պատարագներուն՝ Ս. Էջմիածնայ մէջ, եւ իրենց ներկայութեամբ անուղղակիօրէն կը քարոզեն կարեւորութիւնը Աստուծոյ տուն յաճախելու։

Պետութեան աջակցութիւնը եկեղեցիին նաեւ կը դիւրացնէ եկեղեցաշինական ծրագիրները, երբեմն՝ արտօնեալ հողայատկացումներու ճամբով, երբեմն ալ՝ ուղղակիօրէն նպաստելով պատմական նշանակութեամբ եկեղեցական կոթողներու վերանորոգման աշխատանքներուն։

Շատ յատկանշական է նաեւ պետութեան առած քայլերէն մէկը՝ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներուն յաջորդող երկուշաբթիները, որոնք Մեռելոցի օրերն են, ոչ աշխատանքային օր յայտարարելը՝ անուղղակիօրէն մղելով քաղաքացիները այդ օրը այցելելու իրենց հարազատներուն շիրիմները։



Արմինեըն Րիվիու»ն Կը Վերանորոգէ Կայքէջը Եւ Կը Հովանաւորէ Կլոր Սեղաններ

ՊՈՍԹԸՆ.- «Արմինեըն Րիվիու»ն ակադեմական պարբերաթերթ մըն է, ուր լոյս կը տեսնեն յայտնի ակադեմականներու կողմէ գրուած յօդուածներ: Վերջերս պարբերաթերթը վերանորոգեց իր կայքէջը՝ ընդգրկելու համար նախկին թիւերու ցուցակները, որոնց մէջ են նաեւ «Արմինեըն Րիվիու»ի սկզբնական թիւերը: Նաեւ հետեւողական աշխատանք կը տարուի հովանաւորելու համար զրոյցներ, որոնց մասնակցելու կը հրաւիրուին զանազան ուսումնական հաստատութիւններէ ներս գործող մասնագէտներ:

Յառաջիկայ ամիսներուն յաւելեալ կլոր սեղաններ եւ հաւաքներ տեղի պիտի ունենան «Արմինեըն Րիվիու»ի հովանաւորութեամբ։

«Արմինեըն Րիվիու»ի յաջորդ թիւը՝ նախատեսուած Սեպտեմբեր 2009ի համար, նուիրուած պիտի ըլլայ քաղաքացիական հասարակութիւն (Civil Society) արծարծող նիւթերու։ Յաւելեալ երկու թիւեր լոյս պիտի տեսնեն յառաջիկայ վեց ամիսներուն ընթացքին, որոնցմէ մէկը պիտի նուիրուի պարբերաթերթի 60ամեակին։

«Արմինեըն Րիվիու»ն առաջին անգամ լոյս տեսած է 1948-ին «Հայրենիք» հրատարակչատան կողմէ։ Ան շուտով դարձաւ առաջնորդող քառամսեայ հրատարակութիւն, որ կը պարունակէր Հայոց պատմութեան, ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային յօդուածներ գնահատուած ակադեմականներու կողմէ։ Ներկայիս «Արմինեըն Րիվիու»ն կը հրատարակուի տարին երկու անգամ։








All the contents on this site are copyrighted ©.