2009-08-24 12:38:33

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն։


Միջքորէական յարաբերութիւններու պատասխանատուներու Ա. հանդիպումը։

Միջքորէական յարաբերութիւններու պատասխանատու բարձրաստիճան հարաւային եւ հիւսիսային քորէացի պաշտօնատարներ անցեալ շաբաթավերջին շուրջ երկու տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիպում ունեցան։

Հիւսիսային քորէացիները ուրբաթ օրը, Հարաւային Քորէա ժամանած էին՝ մասնակցելու համար Հարաւային Քորէայի նախկին նախագահ Քիմ Տէ Ժունկի յուղարկաւորութեան արարողութեան։ Հիւսիսային քորէացի պաշտօնատարները փափաք յայտնեցին հանդիպում ունենալու նախագահ Լի Միունկ Պաքի հետ ։

Հարաւային քորէացի նախարար Հիուն լրագրողներուն յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են միջքորէական տարբեր հարցեր, սակայն մանրամասնութիւն չփոխանցեց։ Հարաւի մէջ շարք մը անձերու հետ հանդիպում ունենալէ ետք, հրամայական կարիքը զգացի հիւսիս-հարաւ յարաբերութիւնները բարելաւելու։



Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման 19-րդ տարեդարձ։

Հայաստանի մէջ նշուեցաւ ՜՜Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման՝՝ 19-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ Հ Հ նախագահը՝ Սերժ Սարգսեան հայ ժողովուրդին յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, որուն մէջ մասնաւորաբար կ'ըսուի հետեւեալը

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

19 տարի առաջ՝ այս օրը Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդն ընդունեց Անկախութեան հռչակագիրը, որը պատմական եւ ուղենշային փաստաթուղթ էր մեր երկրի ապագայի համար։ Այն բազում տառապանքների միջով անցած, խաչով, գրչով ու քրտինքով, հարկ եղած դէպքում նաեւ սուրը ձեռքին պատմական իր ուղին հարթած ժողովրդի կ'ամարտայայտումն էր, սեփական հողի վրայ սեփական երկիրը կառուցելու նրա վճռականութեան դրսեւորումը։

Անկախութեան հռչակագիրը համայն հայութեան կողմից ընդունուեց մեծ ոգեւորութեամբ, քանզի կոչուած էր իրողութիւն դարձնելու հայոց դարաւոր երազանքը՝ անկախ պետականութեան վերականգնումը։

Հայաստանի ժողովրդի քաղաքական ազատութեան մասին ի լուր աշխարհի բարձրաձայնող այս փաստաթղթով մենք հռչակեցինք վերելքի մեր ճանապարհը, որով մեր հանրապետութիւնն ու ժողովուրդն ընթացել են անցած տարիների ընթացքում՝ նրանում ամրագրուած սկզբունքներին հաւատարիմ։

Ջերմօրէն շնորհաւորում եմ ձեզ Անկախութեան հռչակագրի տարեդարձի կապակցութեամբ եւ մաղթում բարօրութիւն։



Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի նոր դեսպանը՝ Արմէն Մարտիրոսեան ։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 22 օգոստոսին ստորագրուած հրամանագիրով մը Արմէն Մարտիրոսեանը նշանակեց Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։ Մինչ այդ, ան ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչն էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.