2009-08-23 12:54:10

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, Օգոստոս 23, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, Գասթել Կոնտոլֆօ ամառնային քահանայապետական ամառանոցի պալատէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.



Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ուրախութեամբ կ'ողջունեմ բոլոր անոնք որոնք կը մասնակցին կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին։ Յաչս աշխարհի միշտատեւ յեղաշրջումին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, այսօրուան ծիսակատարութիւնը կը հրաւիրէ մեզ ընտրութիւններ կատարել, զատորոշել այն ինչ որ ապրիլ կու տայ։ Այդ կատարելու համար անհրաժեխտ է հիմնուիլ Քրիստոսի խօսքին վրայ, որովհետեւ Անոր խօսքը Հոգի է եւ Կեանք։ մեր առօրեայ վերաշխատանքը սկսելէ առաջ, կը հրաւիրեմ ձեզ, օգստոս ամսուայ այս վերջին օրերերուն, ժամանակ գտնել խորհրդածելու Աստուծոյ խօսքին վրայ ու կենաց հացով սնսնիլ , աղբիւր ու գագաթնակէտը ամէն կեանքի։

Մարեմեան աղօթքին աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողոջունեց զանազան երկիրներէն եկած ուխտաւորները. ուրախ եմ ձեզ ընդունելու Հրեշտակ Տեառն աղօթքին, ըսաւ Սրբազան հայրը, Եկեղեցին այս կիրակի կը հրաւիրէ ճանչնալու թէ Աւետարանը սնունդ է եւ ազատագրում։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ապա ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.