2009-08-23 09:06:36

Երեւանի Մատենադարանին մէջ Ցուցահանդէս Մանրանկարչական Գլուխ Գործոցներու ։


Երեւանի Մատենադարանին մէջ Ցուցահանդէս Մանրանկարչական Գլուխ Գործոցներու ։

Երեւանի մատենադարանին մէջ ցուցահանդէսով մը կը ներկայացուի ՜՜Կիլիկիոյ հայկական մանրանկարչական դպրոցին բացառիկ նմուշներուն՝ Մատենադարանին մէջ պահուող Կիլիկեան գլուխ-գործոցներ՝՝ ինչպէս՝ Հեթում արքայի Ճաշոցը, Ութ նկարիչներու Աւետարանը եւ Թորոս Ռոսլինէն քանի մը ձեռագիր։ Հոն ներկայացուած է 40 աշխատանք, որոնց մէջ կան ձեռագիրներ՝ առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուող։ Հայ մանրանկարչութիւնը կը կազմէ գրքարուեստի կարեւորագոյն մասը։ Հայ մանրանկարչութեան պատմութեան մէջ իր իւրայատուկ տեղը ունի Կիլիկեան մանրանկարչական դպրոցը։ 12-13-րդ դարերուն Կիլիկիոյ մէջ գործած են մանրանկարչական քանի մը դպրոցներ՝ Դրազարկ, Սկեւռա, Հռոմկլա, Գոներ, Ակներ, Բարձրբերդ։ Յիշեցնենք, որ Մատենադարանին մէջ կը պահուին 17 հազար ձեռագիրներ, որոնցմէ 13 հազարը հայկական են, իսկ մնացածը՝ այլալեզու։ Անոնցմէ 2230-ը արաբատառ ձեռագիրներ են, իսկ այդ թիւէն 500-ը՝ պարսկերէն։ Մատենադարանին մէջ կը պահուին պատմական, մշակութային, հարուստ նիւթ բովանդակող գիրքեր, որոնց ուսումնասիրութիւնները կարեւոր են ո՛չ միայն հայկական մշակոյթով զբաղողներու, այլեւ՝ կովկասեան այլ երկիրներու, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու պատմութիւնը, մշակոյթը հետազօտողներուն համար։ Նշենք, որ Մատենադարանի ցուցասրահի աշխատակից Լիաննա Վանցեան յայտնած է, որ ցուցահանդէսը հաւանաբար շարունակուի մինչեւ տարեվերջ։



Արցախի Մէջ Երեք Նոր Մանկապարտէզներ Կը Բացուին
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, Օգոստոս 18ի ԼՂՀ կառավարութեան նիստի ընթացքին, հաւանութեան արժանացած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլադիկ Խաչատրեանի ներկայացուցած նախագիծը, ըստ որուն Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի բանալ եւս 3 մանկապարտէզներ՝ անոնց թիւը հասցնելով 24ի։
Կրթութեան նախարարի հաւաստումով, մանկապարտէզներուն՝ մինչեւ տարեվերջ պահպանման ծախսերը պիտի ապահովուին նախարարութեան որոշ ծրագիրներու իրականացման ընթացքին տնտեսուած գումարներով:
Նշենք, որ Ղարաբաղի մէջ կան նաեւ սեփական մանկապարտէզներ: Մանկապարտէզներու ցանց ունին Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը եւ Հայ օգնութեան միութիւնը:

Անանիա Շիրակացիի Արձանը Գիւմրիի Մէջ
ԳԻՒՄՐԻ - Գիւմրիի մէջ շուտով պիտի տեղադրուի 7րդ դարու փիլիսոփայ Անանիա Շիրակացիի պազալտէ արձանը, որուն հեղինակն է քանդակագործ Սամուէլ Պետրոսեանը։ Հեղինակը միջնադարեան հայ մտածողի արձանի ստեղծման աշխատանքերուն ձեռնարկած էր նախքան 1988ի երկրաշարժը, սակայն ծրագիրը սկսած է իրականանալ միայն 2007ին՝ Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի նախաձեռնութեամբ։
Հեղինակին եւ քաղաքապետին նախնական որոշումին համաձայն, արձանը պիտի տեղադրուի Շիրակացի փողոցին վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.