2009-08-22 13:48:53

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ:

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 50.000 տոլար ուղարկած է Թայուանի աղէտեալներուն։

Վերջերս Թայուանի բնակչութիւը թիրախ եղած է բնութեան աւերիչ տարրերու, ուր տեղատարափ անձրեւ, մրրիկ եւ ջրհեղեղի հետեւանքով բազմաթիւ ընտանիքներ անօճախ մնացին։ Օգոստոս 11ին Նորին Սրբութիւնը, Վատիկանի բարեգործական մարմնի միջոցաւ, 50 հազար տոլար ուղարկած է աղէտեալ բնակիչներուն։ Սրբքազան Քահանայապետը, իր այս նախաձեռնութեամբ եղաւ առաջինը որ դրամական օգնութիւն ուղարկած է Թայուանի բնակիչներուն։ Յայտնենք թէ Մորաքոթ մրրիկի հետեւանքով երեք եկեղեցիներ կործանեցան, այլ երեքը` կիսաքանդ եղան, 78 տուներ քարուքանդ եղան եւ 22 անհատներ զոհ գացին։ Թայուանի եկեղեցին հոգեհանգստեան պատարագ մատուցեց զոհերուն համար եւ որուն աւարտին երկրի ներքին գործոց նախարարութեան յանձնուեցաւ Քահանայապետին ուղարկած նպաստը։



Էյ Փի գործակալութիւնը կը հաղորդէ թէ, Պենետիկտոս ԺԶ երաժշտական ալպոմ ձայնագրած է, որուն մէջ ան կ'երգէ եւ աղօթքներ կը կարդայ՝ նուիրուած Աստուածամօր։ Անոր կը ձայնակցի Հռոմի Երաժշտական ակադեմիայի երգչախումբը։

Ձայնապնակի հրապարակումէն ետք, վաճառքէն ստացուած եկամուտը կը նախատեսուի ուղղել բարեգործական հիմնադրամներու, որոնք երաժշտական կրթութիւն ստանալու համար կ'աջակցի կարիքաւոր երեխաներու։



Ամերիկայի եպիսկոպոսները ԱՄՆի նախագահ Օպամայէն կը խնդրեն վերջ դնել տնտեսական սահամանափակումին Գուպայի դէմ։



Ամերիկացի եպիսկոպոսները վերջերս այցելութիւն կատարած են Գուպա եւ խնդրած ԱՄՆի նախագահէն վերջ դնել տնտեսական սահմանափակումին Գուպայի դէմ, որ ի զօրու է 1962էն ասդին։ Պոսթոնի կարտինալը մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետի Գուպա այցելութենէն ասդին Գարայպի կղզիին մէջ երկրին կացութիւնը հետզհետէ կը բարւոգուի։ Գուպայի եկեղեցին իր կարգին կը բաղձայ որ սահմանափակումը վերցուի եւ ամրկացիներուն արտօնուի Գուպա զբօսշրջիկութիւն կատարել։








All the contents on this site are copyrighted ©.