2009-08-22 12:10:49

Գաղութէ գաղութ - Ալեքսանդրուպոլսոյ մէջ Ազնիւ գիրքին ներկայացումը,


Գաղութէ գաղութ - Ալեքսանդրուպոլսոյ մէջ Ազնիւ գիրքին ներկայացումը,
Ալեքսանդրուպոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Օմիրոս Մաւրիտիսի հեղինակած Ազնիւ գիրքին ներկայացումը, որ լոյս տեսած է Փափասոթիրիու հրատարակչատունէն։ Գիրքի ներկայացման խօսք առին Ալեքսանդրուպոլսոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Լիւսի Սարգիսեան, բանասէր Ալեքսանտրա Պոթոնաքի եւ հեղինակը։
Լիւսի Սարգիսեան յայտնեց, թէ ինք ծանօթացած է գիրքի հերոսուհի Ազնիւ Պապայեանին, երիտասարդ իր տարիքէն։ Ան շփման մէջ մտած է տեղացի ժողովուրդին հետ՝ միշտ լաւատեսութեամբ եւ երազներով դիմագրաւելով իր ապագան, նոր երկիր՝ Յունաստանի մէջ հաստատուած ըլլալով։ Ազնիւ Պապայեան ամուսնացած է յոյնի հետ՝ փորձելով միշտ շաղախել հայկականը եւ յունականը իր շրջանակին մէջ։ Պանդուխտի կնիքը իր վրայ կրած է մինչեւ վերջ՝ ընդունելով տարբեր ըլլալու իրականութիւնը։
Գիրքի հեղինակը՝ Օմիրոս Մաւրիտիս (որուն հրատարակած չորրորդ գիրքն է Ազնիւը) բացատրեց, թէ ինք կը գրէ ամէն տեսակ իրաւազրկումի երեւոյթ քննադատելու եւ նման դէպքերու կանխարգիլման դէմ պայքարելու մղումով։ Ան անդրադարձաւ հայութեան արդար դատին, նկատել տալով, թէ միջազգային հանրութիւնը պէտք չէ հանդուրժէ ազգերու իրաւունքներու որեւէ ձեւի ոտնակոխում։
Յայտնենք, թէ հայ ազգի տառապանքներու եւ ոդիսականներու նկարագրումը կատարող գիրքը հետաքրքրութիւն յառաջացուց Ալեքսանդրուպոլսոյ ժողովուրդին եւ տեղական մամուլի ներկայացուցիչներուն մօտ, որոնք ներկայ էին ձեռնարկին։

Ալմաթիոյ մէջ Թումանեանի 140-ամեակին նշում - Նախաձեռնութեամբ Լոյս հայ մշակութային կեդրոնին, վերջերս Ալմաթիոյ մէջ (Ղազախստան) տեղի ունեցաւ ստեղծագործական երեկոյ՝ նուիրուած հայ մեծ գրող Յովհաննէս Թումանեանի 140-ամեակին։ Հայկական կիրակնօրեայ դպրոցին սաները ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի զանազան հեքիաթներու բեմադրութիւնները եւ անոր շարք մը ստեղծագործութիւնները։ Աւարտին Լոյս հայ մշակութային կեդրոնի նախագահ Արթուր Գէորգեան վկայագիրներ յանձնեց կիրակնօրեայ դպրոցի շրջանաւարտներուն։

Պուէնոս Այրես - Կազմակերպութեամբ Պուէնոս Այրեսի Պատմական ու մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան յանձնախումբին, Պատմութեան բաժանմունքին եւ Հայկական մշակութային ընկերակցութեան, 10-11 օգոստոսին Պուէնոս Այրեսի մէջ տեղի ունեցաւ Պուէնոս Այրես-Հայաստան համաժողովը՝ մասնակցութեամբ Արժանթինի հայ համայնքին անդամներու։ Համաժողովի ընթացքին քննարկուեցան Արժանթինի հայերու գաղթի պատմութիւնը, Ցեղասպանութիւնն ու ժխտողականութիւնը, հայերու հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը, արուեստի, կրթութեան, մամուլին վերաբերող այլ թեմաներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.