2009-08-22 12:10:08

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն



Սարգսեան եւ Քլինթըն քննարկեցին հայ-թրքական հարցեր։


Սարգսեան եւ Քլինթըն քննարկեցին հայ-թրքական հարցեր։

Նախանցեալ օր, երեկոյեան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են՝ Քլինթընին նախաձեռնութեամբ։ Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ շրջանային հիմնախնդիրներուն, մասնաւորապէս հայ-թրքական քաղաքական երկխօսութեան վերաբերող հարցեր այսպէս հաղորդած է Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը։



Եգիպտոս - 20 օգոստոսին Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի նոր նշանակուած դեսպան Արմէն Մելքոնեան իր հաւատարմագիրներուն պատճէնները յանձնեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Ապուլ Ղէյթին։

Հանդիպման ընթացքին Ապուլ Ղէյթ շնորհաւորեց դեսպան Մելքոնեանը անոր նշանակումին առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ դեսպանը պաշտօնավարման ընթացքին իր նպաստը բերէ հայ եգիպտական յարաբերութիւններու խորացման եւ զարգացման աշխատանքին։



Աֆղանիստանի նախագահական ընտրութիւն –

Աֆղանիստանի նախագահ Համիտ Քարզայ եւ անոր գլխաւոր մրցակից Ապտուլլա Ապտուլլա ՜՜իւրաքանչիւրը՝՝ ինքզինք նախագահական ընտրութեան յաղթական յայտարարեց։

Պաշտօնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին երկու շաբաթ ետք։

Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան բանբեր մը յայտնեց, որ միայն անկախ ընտրական յանձնախումբը կրնայ արդիւնքները յայտարարել եւ ատկէ դուրս որեւէ բան պարզապէս ենթադրութիւն է։ Քարզայի մրցակից Ապտուլլայի բանբեր Ֆազի Սանկչարաքի յայտնեց, որ երկրին հիւսիսը լայն մեծամասնութեամբ ի նպաստ Ապտուլլայի քուէարկած է, բացի Ժուզժիան նահանգէն, որ ուզպեք զինեալ ղեկավար Ապտուլ Ռաշիտ Տոսթումի ամրոցն է։ Տոսթում քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ մէջ իր աքսորէն վերադարձած էր՝ Քարզայի ի նպաստ ընտրապայքար մղելու համար։



Փաքիստան-Առանց օդաչուի օդանաւէ մը արձակուած հրթիռը 12 զոհ պատճառած է։

Փաքիստանեան գաղտնի սպասարկութենէն պաշտօնատարներ Էսոշիէյթըտ Փրես լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ առանց օդաչուի ամերիկեան օդանաւէ մը արձակուած հրթիռ մը երէկ հիւսիսարեւմտեան Փաքիստանի մէջ ժիհատական ղեկավարի մը կեդրոնատեղիին մէջ 12 զոհ պատճառած է։

Միացեալ Նահանգներ անցեալ տարուընէ ի վեր Աֆղանիստանի սահմանամերձ փաքիստանեան շրջաններու մէջ Քայիտայի եւ թալեպաններու թիրախներու դէմ աւելի քան քառասուն հրթիռային յարձակումներ գործած է։



Իսրայէլ-Պաղեստին-

Իսրայէլ եւ պաղեստինցիներ երէկ խաղաղութեան բանակցութիւններուն վերսկսման ձախողութեան համար զիրար ամբաստանեցին, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա վերանորոգեց բանակցութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ վերսկսելու երկու կողմերուն ուղղուած իր կոչը։ Ամնի Նախագահ Պարաք Օպամա հինգշաբթի օր նոր փորձ մը կատարեց Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացի անելը քանդելու համար։ Ան Իսրայէլի, պաղեստինցիներուն եւ արաբական պետութեանց կոչ ուղղեց միաժամանակ աշխատելու՝ բանակցութիւններու վերսկսման օժանդակելու համար։ Ան կոչը ուղղեց՝ Յորդանանի Ապտալլա թագաւորին հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին։

Օպամայի առաջարկը կը ջանայ յաղթահարել իսրայէլացիներուն եւ արաբներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող այն խոր տարակարծութիւնը, թէ նախ եւ առաջ ո՛ր կողմը պէտք է խաղաղութեան գործընթացը վերակենդանացնելու համար հաշտուողական քայլերու դիմէ։



Խոզի կրիփի համաշխարհային տարածումը յաւելեալ կեանքեր պիտի վտանգէ։

Միջազգային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը երէկ յայտնեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն խոզի կրիփի համաշխարհային տարածումը յաւելեալ կեանքեր պիտի վտանգէ, եւ կառավարութիւններ արագ հակազդեցութեան համար պատրաստութիւն պէտք է տեսնեն։ Միջազգային առողջապահութեան կազմակերպութեան տնօրէն Շին Եունկ Սու նշեց, որ ժահրը աշխարհի վրայ աւելի պիտի տարածուի ։

Միւս կողմէ՝ Չիլիի իշխանութիւնները յայտնեցին, որ հնդկահաւերու մէջ խոզի կրիփի ժահր յայտնաբերած են։ Ասիկա առաջին անգամն է, որ Ժահրը մարդոցմէ եւ խոզերէն դուրս կը յայտնաբերուի։ Ժահրը յայտնաբերուած է մայրաքաղաք Սանթիակոյէն 120 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող երկու ագարակներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.