2009-08-21 13:20:13

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Քահանայապետական անուանում

Սրբազան Քահանայապետը նշանակեց գերապայծառ Ռենցօ ֆրադինի որպէս առաքելական դեսպան Սպանիայի եւ Անտորայի իշխանապետութեան մօտ։ Ան նաեւ մնայուն դէտի պաշտօնը պիտի վարէ զբօսսաշրջիկութեան համաշխարհային կազմակերոպութեան մօտ, որուն աթոռը Մատրիտ կը գտնուի։ Գերապայծառ ֆրադին նախապէս պաշտօնավարած էր որպէս առաքելական դեսպան Նիճերիոյ, Փաքիստանի եւ Արեւելեան Թիմօրի հանրապետութիւններու մօտ։



Օգոստոս 28-30 Սրբազան Քահանայապետը աւանդական հանդիպումը պիտի ունենայ նախկին աշակերտնեուն հետ Գասդել Կոնտոլֆօ քահանայապետական ամառանոցին մէջ։

Այս տարուայ հանդիպումին թեման պիտի ըլլայ. ''եկեղեցական առաքելութիւնը համամիութեան հեռանկարով'' նիւթին մասին։ Այս աւանդական հանդիպումը Ժոզէֆ Ռացինկերի եւ իր ուսանողներու միջեւ սկսած է 70ական տարիներուն, երբ ան կը դասաւանդէր Ռադիսպոնա համալսարանը։ Օգոստոս 31ին Նորին Սրբութիւնը պատարագ պիտի մատուցէ իր աշակերտներու հետ միասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.