2009-08-21 13:21:12

Լուրեր հայ աշխարհէն


Լուրեր հայ աշխարհէն
Քոլէթ Ղազարեան Կը Մասնակցի Հայկական Ցեղասպանութեան Ուսուցման Ծրագրի Աշխատանքներուն
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան ամառնային վարժողական ծրագրին մէջ հանդիսացող Քոլէթ Ղազարեան շեշտը դրած է մամլոյ հաղորդագրութիւններ պատրաստելու աշխատանքին վրայ՝ միաժամանակ մասնակցելով Հայկական Ցեղասպանութեան ծրագրի աշխատանքներուն:
Ան կը յայտնէ, թէ վարժողական ծրագրին մասնակցելով՝ ան նոր ձիրքեր մշակած է հանրային եւ մամլոյ յարաբերութեանց մարզերէն ներս:

Հայաստան-Սփիւռք Գործակցութեան Հայեցակարգը Կը Հաստատուի
ԵՐԵՒԱՆ - Օգոստոս 20ի Հայաստանի կառավարութեան նիստին ընթացքին, հաւանութեան արժանացած է Հայաստան -Սփիւռք գործակցութեան զարգացման հայեցակարգը: Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, որ անիկա կը սահմանէ հայրենիքի եւ Սփիւռքի գործակցութեան պետական քաղաքականութեան սկզբունքները, գերակայ ուղղութիւնները, նպատակն ու խնդիրները իսկ անոր նպատակն է Սփիւռքի հայապահպանութեան հիմնախնդիրները, եւ աշխարհասփիւռ հայերու ներուժին օգտագործումը Հայաստանի կենսական խնդիրներու լուծման համար: Հայեցակարգը քննարկուած է Սփիւռքի հարիւրաւոր կազմկակերպութիւններու, անհատներու, հայագիտական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ 250էն աւելի հայաստանեան քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ:
Ըստ հայեցակարգին, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացումը ուղղուած պիտի ըլլայ հայ մարդու, Սփիւռքի համայնքներու եւ հայկական պետականութեան զարգացման եւ հզօրացման, ինչպէս նաեւ ստեղծած արժէքներու մրցունակութեան բարձրացման: Հայրենիքի, թէ օտար պետութիւններու մէջ բնակող հայ մարդու զարգացման ուղղուած Հայաստան -Սփիւռք գործակցութեան հիմնական խնդիրներն են՝ նպաստել հայ ազգային ինքնութեան միասնական միջավայրի ձեւաւորման, հայկական համայնքներուն մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ արմատաւորման, հայապահպանութեան՝ ձուլման դէմ պայքարին ազգի եւ մայրենիի յարատեւման համար: Հայրենիքի ու Սփիւռքի գործակցութիւնը պիտի նպաստէ Սփիւռքի մէջ հայկական մասնագիտական ներուժի յայտնաբերման եւ ներգրաւման Հայաստանի ու Սփիւռքի զարգացման գործընթացներուն մէջ, այլալեզու եւ այլակրօն հայերուն համար հայկական ազգային ինքնութեան հաստատման ու արմատաւորման, ինչպէս նաեւ անոնց «հայադարձութեան»: Պիտի ստեղծուին համահայկական ցանց ու մասնագիտական յանձնախումբեր, պիտի մշակուին համահայկական միասնական տեղեկատուական դաշտի ձեւաւորման եւ զարգացման միտուած համահայկական ծրագրեր, մասնաւորապէս՝ ազգահաւաքն ու հայրենադարձութիւնը խթանող ծրագրեր։

Երեւան - Նախագահ Սերժ Սարգսեան 8-9 օգոստոսին աշխատանքային այցելութիւն մը տուած է Ջերմուկ, ուր մարզի եւ քաղաքի ղեկավարներուն հետ քննարկած է կարգ մը ծրագիրներ։ Հայաստանի քաղաքաշինութեան փոխնախարար, գլխաւոր ճարտարապետ Նարեկ Սարգսեան, երկրի ղեկավարին ներկայացուցած է Ջերմուկի մէջ Հայաթ առողջարանային կեդրոնով օժտուած՝ հիւրանոցային Հայաթ համալիրի կառուցման նախագիծը։ Նախագիծը կը մշակուի Հայաստանի կառավարութեան 18 սեպտեմբեր 2008-ի որոշումին հիման վրայ, ըստ որուն, Ջերմուկը պիտի դառնայ առողջարանային, ձմեռնային եւ մշակութային զբօսաշրջութեան, ճատրակի միջազգային մրցաշարքերու կազմակերպման կեդրոն, նաեւ՝ համահայկական եւ միջազգային, մանկապատանեկան եւ երիտասարդական հանգստարան։ Նշենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ջերմուկ այցելութեան ընթացքին քննարկուած է նաեւ քաղաքէն որոշ հեռաւորութեան վրայ փոքր օդակայան մը եւ ուղղաթիռներ ընդունելու հրապարակ մը կառուցելու հարցը։
Ծաղկաձորի՝ Օրպելի եղբայրներու տուն-թանգարանին մէջ, սեպտեմբերին պիտի ցուցադրուին Կեչառիս եկեղեցւոյ մօտակայքը, հնագիտական պեղումներու արդիւնքով յայտնաբերուած ամրոցի եւ դամբարանադաշտի գտածոյ բացառիկ նմուշները։ Հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Յուսիկ Մելքումեան տեղեկացուցած է, թէ յայտնաբերուած ամրոցը վաղ միջնադարեան կառոյց է, իսկ ասոր մասին կը վկայէ ճարտարապետական կառոյցի իւրայատկութիւնը։ Դամբարանադաշտը ուրարտականէն մինչեւ հին ժամանակաշրջանի հնավայր է։







All the contents on this site are copyrighted ©.