2009-08-20 12:26:53

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց կարտինալ Ռոտէ որպէս իր նուիրակը գլխաւորելու Քոթորի մէջ տեղի ունենալիք հանդիսութիւնները։

Նորին Սրբութիւնը նշանակեց կարտինալ ֆրանք Ռոտէ` կառավարիչը կրօնաւորական հաստատութիւններու, որպէս իր նուիրակը գլխաւորելու նահատակ սուրբ Թրիֆոնի աճիւններու, Մոնթենեկրօ Քոթոր թեմին մէջ, փոխադրութեան 12րդ դարադարձի հանդիսութիւնները։ Տօնախմբութիւնները տեղի պիտի ունենան 17 հոկտեմբեր 2009ին։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ



Նոր հալածանքներ Իրաքի քրիստոնեաներու դէմ։

Դարձեալ առեւանգումներ եւ սպաննութիւններ Իրաքի Քիրքուք մարզին։ Շաբաթասկիզբը Հիւսիսային Իրաքի մէջ երկու քրիստոնեաներ սպաննուեցան։ Անոնցմէ մէկը տեսնելով որ չորս ոճրագործներ մահմետական մանուկ մը կ'առեւանգէին, ուզեց օգնութեան հասնիլ ու փրկել մանուկը սակայն չարագործերը փամբուշտով սպաննեցին զինք։ Արդարեւ Քիրքուքի մէջ յաճախակ են ոճրագործութիւնները քրիստոնեայ հասարակութեան մէջ թէ ծայր մահմետականներու եւ թէ ոճրագործերու կողմէ, այնպէս որ այդ շրջանի մէջ կը տիրէ անապահովութիւնը եւ մտավախութիւնը։ Սակայն Իրաքէն նաեւ կլը հասնին դրական նշաններ։ Իրաքեան կառավարութիւնը քրիստոնեայ հասարակութեան վերայանձնեց երեք քաղտիացի դպրոցներ, բռնագրաուած Սատտամ Հիւսէյնի իշխանութեան տարիներուն։ Այդ առթիւ Գերապայծառ Սաքօ հաստատած է թէ Իրաքի ապագան կը սկսի դպրոցէն։ Հարկաւոր է նոր սերունդի կազմութիւնը եւ դաստիարակութիւնը նոր ընկերութեան մը հաստատումին համար։ Մեր նպատակն է կազմել նոյն յարկին տակ քրիստոնեայ եւ մահմետական նոր սերունդ մը ի նպաստ համակեցութեան ու համերաշխութեան, ուր տարբեր հասարակութիւններու ու կրօներու պատկան երիտասարդներ միասնաբար աշխատին խաղաղ ու հանրավար Իրաքի մը համար։



Արեւելեան ժողովը 60ամեակէ օգնութեան կը հասնի Պաղեստինի ժողովուրդին։

Արեւելեան ժողովի սատարը Պաղեստինի ժողովուրդին համար ունի որպէս բնաբան ''օգնութիւններ եւ ոչ վարդապետութիւն''։ Եղբայրօգնութեան այս առաքելութիւնը ֆինասաւորում կ'ապահովէ Միջին Արեւելքի Պաղեստինցիներուն համար։ վարչական Աթոռը Նիւ Եորք կը գտնուի։ Միջին Արեւելքի հրատապ կացութիւնները անվերջ են նոյնպէս ալ Քահանայապետական օգնուիթիւնները, որ կը դրսեւորուին Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի միջոցաւ։ Եկեղեցւոյ այս առաքելութիւնը ներկայիս կը ներփակէ նաեւ Լիբանանը, Յորդանանը, Իրաքը եւ Սուրեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.