2009-08-20 12:30:07

Կրօնաբարոյական հարցեր - Սուրբ Աստուածածինը՝ Ներշնչման Աղբիւր


Կրօնաբարոյական հարցեր - Սուրբ Աստուածածինը՝ Ներշնչման Աղբիւր



Աստուածամօր սրբաճաճանչ անձը իբրեւ եզակի դէմք քրիստոնէական պատմութեան մէջ, Հայ եկեղեցին կը փառաւորէ ամէն օր, անխափան, իր ժամերգութիւններուն մէջ «Մեծացուսցէ» կոչուող յատուկ շարականներով: Մեր եկեղեցին կը պանծացնէ մեր Տիրոջ մօր՝ Ս. Կոյս Մարիամի յիշատակը, միշտ մեծացուցանելով այն դերը, զոր կատարեց ան՝ գերազանց հնազանդութեամբ Աստուծոյ կամքին, ու կատարեալ համբերութեամբ:

Եկեղեցին եօթը տօներ հաստատած է Աստուածամօր կեանքի զանազան հանգրուանները պանծացնելու համար: Այդ տօներէն գլխաւորը Վերափոխումն է, այլ խօսքով՝ Ս. Կոյսին երկինք փոխադրութիւնը իր Որդիին իսկ ձեռքով, համաձայն բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ ընդունուած աւանդութեան: Դէպք մը, որ սրբութեամբ իր կեանքը աւարտած այս հրաշագեղ Աստուածամայր Կոյսին վրայ դրուած երկնային կնիք մըն էր խորքին մէջ:

«Յայսմաւուրք» գիրքին մէջ Ս. Աստուածածնի ծնունդէն մինչեւ ննջումն ու Վերափոխումը, կը գտնենք մեր բոլոր հարցումներուն պատասխանները:

Բայց ինչպէ՞ս վախճանեցաւ Ս. Աստուածածին: «Յայսմասուրք»ը կը պատմէ, թէ մահէն երեք օրեր առաջ, Գաբրէիլ հրեշտակապետ կը յայտնէ Ս. Կոյսին, թէ երեք օրէն երկինք պիտի փոխադրուի: Աստուածամայրը կ՛երկննայ անկողնին մէջ՝ հոգին աւանդելու համար: Ապա, խաղաղութեամբ կ՛աւանդէ հոգին:

Հաւատացեալ կիները կը պատանքեն անոր սուրբ մարմինը, իսկ առաքեալները կը տանին ու Գեթսեմանիի ձորին մէջ կը թաղեն սաղմոսներով ու օրհնութիւններով: Երեք օր, ամէն առաւօտ կ՛այցելեն գերեզման ու հրեշտակներու փառաբանութեան երգեր կը լսեն այնտեղ: Եւ աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ չորրորդ օրը, անմարմին զօրք մը եկաւ՝ իբրեւ գլուխ ունենալով Քրիստոսը, ապա հրեշտակներ գոց գերեզմանը առանց բանալու վերցուցին Ս. Կոյսին աստուածընկալ մարմինը եւ յանձնեցին իր Որդիին, որ Իրեն հետ երկինք տարաւ ու Իր աջ կողմը նստեցուց զայն:

Բարթողիմէոս առաքեալ, որ քարոզութեան պատճառով չէր կրցած ներկայ ըլլալ թաղման արարողութեան, կը հասնի գերեզման այն պահուն, երբ չորրորդ օրը ըլլալով, առաքեալներ գացած էին աղօթելու Ս. Կոյսին համար: Բարթողիմէոս շատ կը խնդրէ, որ բանան գերեզմանը ու վերջին անգամ մըն ալ տեսնէ Աստուածամօր հրաշագեղ դէմքը՝ իբրեւ մխիթարութիւն: Եւ երբ կ՛ընդառաջեն ու կը բանան գերեզմանը, զարմանքով կը տեսնեն, որ այնտեղ չէր անոր մարմինը, այլ վերափոխուած երկնային յաւիտենութեան մէջ:

Աստուածամօր բացառիկ կերպարը քրիստոնէութեան մօտ, բոլոր ժողովուրդներու եւ յատկապէս մեր ժողովուրդի պարագային՝ կնոջ, ու այս պարագային՝ հայ կնոջ, տիպար օրինակն է: Մեր ընտանեկան սրբութիւնը, ազգային աւանդութիւնները եւ մարդկային առաքինութիւնները անպայման տեղ մը կախեալ են այն դաստիարակութենէն, զոր մայր մը կու տայ իր զաւակներուն:

Աստուածածնի տօներէն իւրաքանչիւրը առիթ է ազգովին աւելիով ներշնչուելու անկէ, պահպանելու համար դարերէն եկող մեր ազգային առաքինութիւնները ու սրբութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.