2009-08-20 12:29:37

Լուրեր հայկական կեանքէն


Ախալքալաքի Բուղաշէն գիւղի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ վերաօծում

Օգոստոս 8-ին, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս Միրզախանեանի ձեռամբ վերաօծուած է Ախալքալաքի Բուղաշէն գիւղի Ս Յարութիւն եկեղեցին եւ կատարուած է անդրանիկ Ս. պատարագը։ Բուղաշէնի ազգաբնակչութիւնը 1830-ին փոխադրուած է Կարնոյ գաւառին Տանձուտ եւ Բռնակապան գիւղերէն։ Վերաբնակեցման տարիներուն ժողովուրդին միջոցներով գիւղին մէջ կառուցուած է քարաշէն, փայտածածկ եկեղեցի։ 1860-ական թուականներէն եկեղեցւոյ մէջ գործած է եկեղեցական ծխական դպրոցը։ 1899-ի դեկտեմբերին ահեղ երկրաշարժի իբրեւ հետեւանք կը վնասուի եկեղեցին, սակայն 1909-ին ժողովուրդին միջոցներով հիմնովին կը վերանորոգուի եւ կը գործէ մինչեւ 1930-ական թուականները, ապա կը փակուի եւ կը վերածուի պահեստանոցի, իսկ քահանան՝ կ'աքսորուի

Երեւանի մէջ հաշմանդամներու կողմէ պատրաստուած աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք։

Վերջերս Երեւանի մէջ, բացումը կատարուած է հաշմանդամներու կողմէ պատրաստուած աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառքին։ Ցուցահանդէսին ընթացքին իւրաքանչիւր կեդրոնի մէջ տեղադրուած են հանգանակութեան արկղեր, որոնց մէջ հաւաքուած գումարները ուղարկուած են հասարակական կազմակերպութիւններու՝ բարեսիրական ծրագիրներու իրականացման համար։

Նշենք, որ Վիվասել Էմ Թի Էս ընկերութեան, ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագրի եւ Հայաստանի հաշմանդամներու Փիւնիկ միութեան միացեալ ջանքերու իբրեւ արդիւնք՝ 2007 թուականին Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ ստեղծած են երկու նոր կեդրոններ, ուր հաշմանդամները կը ստանան հմտութիւններ, ինչպէս՝ խեցեգործութիւնը, նկարչութիւնը, ասեղնագործութիւնը, փայտի եւ քարի փորագրութիւնը։ Յայտնենք, որ այս աշխատանքները կը վաճառուին տարբեր միջոցառումներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի յուշանուէրներու տարբեր խանութներու մէջ։

Վրացական մշակոյթին նուիրուած օրեր։

Երեւանի մէջ, Հայաստանի եւ Վրաստանի մշակոյթի նախարարութիւններու նախաձեռնութեամբ, տեղի պիտի ունենան վրացական մշակոյթին նուիրուած օրեր։Միջոցառման շրջանակներուն ծիրին մէջ պիտի բեմադրուի Տոն խուան օփերային ներկայացումը Ալ Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ։ Պալէի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 30-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.