2009-08-20 12:28:30

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն


Պաղտատի մէջ պայթումներու շարք մը 86 զոհ կը պատճառէ։

Պաղտատի Կանաչ շրջանին մօտ գտնուող Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին դիմացի թաղին մէջ ականուած բեռնակառք մը պայթեցաւ՝ մեծ վնասներ պատճառելով։ Այս պայթումին կողքին Պաղտատի մէջ պայթումներու շարք մը 86 զոհ պատճառեց։

Անցեալ 30 Յունիսին, բնակելի շրջաններէն ամերիկեան ուժերու հեռանալէն ետք, նմանօրինակ յարձակումներու մագլցումը՝ առաւել եւս սրեց այն մտավախութիւնները, թէ՝ իրաքեան ուժերը պատրաստ չեն երկրին ապահովութիւնը երաշխաւորելու։

Իրաքցի պաշտօնատարները ՜՜Քայիտան եւ սիւննի այլ ըմբոստներ՝՝ ամբաստանեցին յարձակումներու այս ալիքին համար։

Ամէնէն ահաւոր պայթումը տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան առջեւ՝ սպաննելով առնուազն 59 հոգի եւ վիրաւորելով 250 ուրիշներ։



Ֆրանսայի մէջ ԷԹԱ կազմակերպութեան երեք անդամներ ձերբակալուեցան։

Ֆրանսայի ալպեան շրջանի մէկ քաղաքին մէջ պասք անջատողական ԷԹԱ կազմակերպութեան երեք անդամներ ձերբակալուած են։

Պաշտօնատարը յայտնեց, որ երեք անձերը ձերբակալուած են չորեքշաբթի օր՝ Քորպիէ-Վիլարեմպերի մէջ։ Սպանական լրատու աղբիւրներ նշեցին, որ ձերբակալուած անձերէն մէկը Մաչայն Պերազան է, որ անցեալ ամիս Մայորքայի մէջ երկու ոստիկաններու սպանութեան պատճառ դարձած ականահարման հարցով փնտռուած կասկածելիներէն մէկն է։ Ձերբակալեալները զինուած էին եւ կեղծ անցագիրներ ունէին։ Սպանական իշխանութիւններու օժանդակութեամբ գործողութիւնը կատարուած էր ֆրանսական ոստիկանութեան եւ հակաահաբեկչական ոստիկաններու կողմէ։



Քաթար պիտի միանայ Թուրքիոյ Դարուս ուժանիւթի ծրագիրները ծրագիրին։

Եւրոպական Միութենէն եւ Ռուսիայէն ետք Քաթար եւս պիտի միանայ Թուրքիոյ Դարուս ուժանիւթի ծրագիրները ծրագիրին։

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պոտրումի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ։ Էրտողան հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ ուժանիւթի հարցով երկարաժամկէտ եւ երկարատեւ գործակցութիւն կ'ուզենք։ Ուստի Քաթարի եւ Թուրքիոյ միջեւ բնական կազի խողովակաշար մը ամբողջովին պիտի լուծէ հարցը։ Քաթարի իշխանը իր կարգին յայտնեց, որ խողովակաշարի մը գաղափարը դրական կերպով կ'ընկալէ։ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան հետ Նապուքօ ծրագիրին ձեռնարկելու համար համաձայնութիւն մը կնքած է։ Ան նաեւ ուժանիւթի այլ ծրագիրի մը շուրջ Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն ստորագրած է։



Սկսաւ Արի տուն ծրագիրի 3-րդ հանգրուանը։

Panoramaam լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ նախանցեալ օր սկսած է Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած Արի տուն ծրագիրի 3-րդ հանգրուանը։ Այս ծրագիրին շուրջ 60 մասնակիցները Հայաստան եկած են Իրանէն, Վրաստանէն, Ռուսիայէն, Գերմանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Ֆրանսայէն։ Անոնք նախանցեալ օր Էջմիածին եւ Սարդարապատ այցելած են եւ երեկոյեան Հ Հ փոխնախարարը՝ Ստեփան Պետրոսեան եւ աշխատակազմի ղեկավարը՝ Արտակ Զաքարեան ընդունած են ծրագիրի մասնակիցները եւ հիւրընկալող ընտանիքի անդամները։












All the contents on this site are copyrighted ©.