2009-08-19 15:26:20

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 19 օգոստոս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Գասդել Կոնտոլֆօ-ի քահանայապետական ամառանոցին մէջ։

Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Միջին դարու հայրապետներուն մասին, այսօր ներկայացուց սուրբ Յովհաննէս Օտը, ճշմարւտ տիպարը սրբութեան, քահանայական սրբութեան։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօր եկեղեցին կը ոգեկոչէ յիշատակը սուրբ Յովհաննէս Օտի։ Ան եղած է քահանայական սրբութեան ճշմարիտ տիպարը։ Իր ընթացած սրբութեան ճանապարհը, որ ապրեցաւ եւ առաջարկեց իր աշակերտներուն, ունէր որպէս հիմ՝ ամուր վստահութիւն սիրոյ մասին, այն սէրը որ Աստուած յայտնեց մարդկութեան Քրիստոսի քահանայական սրտին մէջ եւ Մարիամի մայրական սրտին մէջ։

Սիրելիներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ձեզ կը հրաւիրեմ որ աղօթէք որպէսզի այսօրուան քահանաները, հետեւելով սուրբ Օտի օրինակին, ըլլան իրենց կարգին եռանդուն վկաները այս սիրոյն իրենց կեանքի ու քահանայագործութեան ապրումով, որպէսզի համայն Աստուծոյ ժողովուրդը օգտուի։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները խրախուսելով զանոնք որ մտերմութիւն հաստատեն Քրիստոսի հետ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն խնդրելով որ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ, սուրբ Յովհաննէս Օտը օգնէ ձեզ, յառաջանալու՝ սրբութեան ու աստուածսիրութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.