2009-08-19 15:36:45

Լուրեր հայ եկեղեցիէն

Սուրիա- Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները Հալէպի մէջ


Սուրիա- Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները Հալէպի մէջ

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի հրաշագործ մասունքները, որոնց մէկ մասը պահպանուած են Զմմառու հայ կաթողիկէ վանքին մէջ, հալէպահայ հանրութեան ցուցադրելու նպատակաւ Հալէպ բերուեցան։ Հազար եօթը հարիւր տարուան պատմութիւն ունեցող սրբութիւնը, նախքան Զմմառու վանք յայտնուիլը, ունեցաւ իր ոդիսականը, որ համառօտ ձեւով կը ներկայացնենք հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան պաշտօնաթերթ Աւետիքի 2001 մայիս-դեկտեմբեր թիւ 5-12-ի Մեսրոպ վրդ. Հայունիի հարցազրոյցէն մէջբերելով։ Ղ. Փարպեցի պատմագրին համաձայն, 485-ին, երբ Վահան Մամիկոնեան Տիզբոնէն յաղթական կը վերադառնար իր ազատագրած հայրենիքը, հայոց Յովհաննէս Ա. կաթողիկոսը (480-502) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին նշխարներով ընդառաջ ելաւ հայոց սպարապետին։ Աւելի ուշ, Գառնիկ Ճգնաւորին յայտնուած նշխարներէն մասունքներ փոխադրուեցան Բիւզանդիոն կամ Կ.Պոլիս՝ Զենոն Իսաւրացի կայսրին (474-491) ժամանակ։ Հոն արժանացան մասնայատուկ մեծարանքի։ Նոյնիսկ հաստատուած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքներուն գիւտին տօնը։ Սակայն Ը. դարուն, Արեւելեան կայսրութեան մէջ ծագած պատկերամարտներուն կատարած աւերումներուն եւ հալածանքներուն բերումով, հայ կուսաններ յաջողեցան Պոլիսէն փախցնել Ս. Լուսաւորիչին նշխարները եւ ապաւինիլ Իտալիա, որ կը պատկանէր Արեւմտեան կայսրութեան։ Նափոլի հաստատուելով՝ հայ կուսանները հիմնեցին վանք, որուն եկեղեցիին մէջ զետեղեցին մասունքները։ Դարերու ընթացքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին հանդէպ բարեպաշտութիւնը այնքան բարգաւաճեցաւ, որ եկեղեցին դարձաւ ուխտավայր եւ մեր առաքեալը San Gregorio Armeno- Ս.Գրիգոր Հայը անուանուելով՝` ունեցաւ յատուկ իր տօները։ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակի առիթով Հռոմի սրբազան քահանայապետ Յովհաննէս Պօղոս 2-րդ պապը կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ, 2001 թուականին որպէս եղբայրական զգացումքներու արտայայտութիւն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին մասունքները յանձնեց Էջմիածնի, Անթիլիասի եւ հայ կաթողիկէ աթոռներուն։ Մասունքները, որոնք առանձին խորհուրդ ու իմաստ ունին հաւատացեալ ժողովուրդին համար, նկատի առած Մեծն հայրապետին ունեցած էական դերը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կայացման եւ ամրապնդման գործին մէջ, շրջեցան Հալէպի հայ կաթողիկէ բոլոր եկեղեցիները, իսկ եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 26 յուլիս 2009-ի, առաւօտեան ժամը 11-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, յատուկ պատարագով նուիրուած մինչեւ օրս միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ հայ-քրիստոնեայ սուրբին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին։ Համազգային տօնախմբութեան վերածուած արարողութեան ներկայ գտնուելու եւ իր յարգանքը մատուցելու համար ժամանած էր հալէպահայութիւնը բարեպաշտ ժողովուրդը անձկագին, երկիւղած եւ միահամուռ ձեւով հաւաքուած էր ըմբոշխնելու մասունքներուն մատուցումը։ Շքեղ թափօրով եւ Հ.Կ.Ե. միութեան շեփորախումբին ընկերակցութեամբ, մասունքները բերուեցան Ս. Խաչ եկեղեցի։ Եկեղեցւոյ բակին մէջ ծովածաւալ բազմութիւն մը դիմաւորեց մասունքները, մինչ կոչնակի ղօղանջները կաւետէին սրբութեան լուրը։ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Շնորհալի դպրաց դասի մենակատար Մհեր Մինասեանի երգեցողութեամբ հնչեց Ուրախ լերը, ժողովուրդը խնկաբոյր այս մթնոլորտով ուղղուեցաւ եկեղեցի։ Պատարագին սպասաւորներն էին Զմմառեան միաբանութեան ժառանգաւորները։ Պատարագեց եւ քարոզեց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հովուապետ Ներսէս վրդ. Զապարեան։ Հայր Ներսէս հակիրճ գիծերով ներկայացուց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի վարքը, ինչպէս նաեւ մասունքներուն Զմմառ յայտնուելու մասին հպանցիկ ակնարկ մը նետեց հայր սուրբը իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով Այսօր հալէպահայութեան համար ուխտի վերանորոգման օր է։ Ուխտենք հաւատարիմ մնալ մեր հաւատքին ու հայրենիքին՝ ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ պանծացմանն ու հայրենքի բարգաւաճման։ Արարողութեան աւարտին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ հայր Ներսէս Զապարեան եւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը ընդունեցին շնորհաւորանքներ։

Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի վախճանման 10-ամեակը պիտի նշուի 19 եւ 20 սեպտեմբերին։ Շաբաթ, 19 սեպտեմբերին Ս Էջմիածինի մէջ պիտի կատարուի երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. կրօնական առաքելութեան կրթական կեդրոնի կառոյցի հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Նոյն օրը երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ յիշատակի համերգ՝ Երեւանի Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ։ Կիրակի, 20 սեպտեմբերին Ս. Էջմիածինի մէջ այս առիթով պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ եւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն։

?????? ??? ?????????

??????- ?. ?????? ?????????? ??????????? ?????? ???







All the contents on this site are copyrighted ©.