2009-08-19 15:36:31

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն։

Փաքիստան կը ձերփակալէ Մաուլաւի Ումարը


Փաքիստան կը ձերբակալէ Մաուլաւի Ումարը Փաքիստանի ապահովական ուժեր Աֆղանիստանի հետ սահմանին մօտ գործողութեան մը ընթացքին ձերբակալած են Փաքիստանի թալեպաններու աւագ բանբեր Մաուլաւի Ումարը՝ անոնց ղեկավարին սպանութենէն ետք այլ մեծ հարուած մը եւս հասցնելով զինեալ խմբաւորումին։ Տեղական կառավարական պաշտօնատար Ժաւետ Խան յայտնեց, որ Ումար երկու գործակիցներու հետ ձերբակալուած է երկուշաբթի գիշեր՝ Մոհամանտ ցեղախմբային շրջանին մէջ, մինչ ինքնաշարժով դէպի հարաւային Ուազիրիստան կուղղուէր։ Նախապէս գաղտնի սպասարկութեան երեք պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ շրջանէն ցեղապետներ բանակին օգնած են Խաուազէօ գիւղին մէջ Ումարը գտնելու։ Աւելի ուշ Փաքիստանի իշխանութիւնները յայտնեցին, որ Ումար հարցաքննութեան ընթացքին հաստատած է, թէ Մեհսուտ սպաննուած է։

ԱՊՀ-էն Վրաստանի դուրս գալը պիտի չազդէ հայ-վրացական յարաբերութիւններուն վրայ։ Արեւմտահայերու խնդիրներու ուսումնասիրման կեդրոն հետազօտական հիմնադրամի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ ԱՊՀ-էն Վրաստանի դուրս գալը առանձնապէս պիտի չազդէ հայ-վրացական յարաբերութիւններուն վրայ։ Ըստ անոր, հայ-վրացական յարաբերութիւնները այնքան կարեւոր են Հայաստանի համար, որ ԱՊՀ կազմին մէջ Վրաստանի ներկայ գտնուիլը կամ չգտնուիլը առանձնապէս դեր չի խաղար։ Հայաստան միշտ ալ ցոյց տուած է, թէ որքա՛ն կարեւոր են իրեն համար երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները։ Այս մասին կը վկայէ Հայաստանի կողմէ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օեսթիոյ անկախութիւնները չճանչնալը, նոյնը կը վերաբերի նաեւ Թիֆլիսին։ Ալվրցեան նաեւ նկատած է, որ շրջանին մէջ Հայաստանի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը աճած է, որուն մասին կը վկայէ Իրանի շահագրգռութիւնը Հայաստանի հետ համագործակցութեան հարցին մէջ։ Այդպիսով, Հայաստան աւելի գրաւիչ կը դառնայ նաեւ Վրաստանի համար։ Ան նշած է, որ ռուս-վրացական տագնապէն ետք Վրաստան բաւական խղճալի վիճակի մէջ կը գտնուի։

Եւրոպական Միութեան հետ հարցերու ընդհանուր քարտուղարութիւնը հայ պաշտօնեաներ կը փնտռէ։

Թրքական Հիւրրիյէթ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հետ հարցերու ընդհանուր քարտուղարութիւնը հայ հետազօտողներ ու թարգմաններ կը փնտռէ։ Պոլսոյ պատրիարքութեան կայքէջին վրայ զետեղուած յայտարարութիւն մը կը յայտնէ, որ կ'ուզուին հայ համայնքէն երիտասարդ անձեր, որոնք պատրաստ են Եւրոպական Միութեան հարցերով ընդհանուր քարտուղարութեան մէջ աշխատելու։ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Պուրաք Էրտեմիր յայտնեց, որ փոքրամասնութեանց անդամ պաշտօնեաներ չունինք։ Մեր ընկերային կառոյցի բոլոր հատուածներէն անձերու կարիքը ունինք։

Սեւանայ լիճի ափին խաղաղութեան միջազգային երաժշտական փառատօն։

Երաժիշտները յանուն խաղաղութեան միջազգային երաժշտական առաջին փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 28 օգոստոսին, Սեւանայ լիճի ափին՝ Մայամի հանգստեան կեդրոնին մէջ։ Փառատօնին նպատակն է մշակութային արժէքներու պահպանումն ու զարգացումը, ինչպէս նաեւ աշխուժացնել համագործակցութիւնը միջազգային երաժշտական կազմակերպութիւններու եւ խումբերու հետ, Հայաստանը ներկայացնել միջազգային հանրութեան եւ համաշխարհային զբօսաշրջային շուկային՝ ժամանակակից ժամանցային կարողականութեամբ եւ մշակութային հարուստ աւանդոյթներով։ Նշենք, որ Երաժիշտները յանուն խաղաղութեան միջազգային տարեկան երաժշտական փառատօնը նախաձեռնած եւ կազմակերպած է Ֆորշ ընդ Ֆրենտզ ընկերութիւնը՝ հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան։

Վարդգէս Սուրէնեանցի յուշաքարին բացում։

Հայ ականաւոր գեղանկարիչ Վարդգէս Սուրէնեանցի յուշաքարին բացումը կատարուած է 1 օգոստոսին Ախալցխայի մէջ։ Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուած են՝ Հայաստանէն նկարիչներ, յօրինողներ, գրողներու միութեանց նախագահներ եւ այլ անձնաւորութիւններ։ Նշենք, որ յուշաքարի բացման գաղափարի հեղինակները քանի մը անհատներ էին։ Անոնք յաջողեցան իրագործել իրենց ծրագիրը Ախալցխայի քաղաքապետին օգնութեամբ։

Հայաստանի մէջ 15 միլիոն ծառ տնկել

Արմինիըն թրի փրոճեքթ բարեգործական հիմնադրամը, որ 15 տարիէ ի վեր կը գործէ Հայաստանի մէջ, վերջերս նկարահանած է փաստագրական ժապաւէն մը, որուն մէջ կը պատմուի հիմնադրամին գործունէութեան մասին։ Ժապաւէնին խորագիրն է Իւրաքանչիւր ծառ, իսկ տեւողութիւնը՝ 15 վայրկեան։ Արմինիըն թրի փրոճեքթի գործադիր տնօրէն Ճեֆ Մասարջեան յայտնած է, որ իրենք կազմակերպած են ժապաւէնին ցուցադրութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող հայերուն համար՝ յուսալով անոնցմէ նիւթական աջակցութիւն ստանալ, որովհետեւ իրենք կը ծրագրեն մինչեւ 2015 թուականը Հայաստանի մէջ 15 միլիոն ծառ տնկել, 10-ական ծառ՝ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան իւրաքանչիւր զոհի։ Յայտնենք, որ 1994-էն մինչեւ օրս, հիմնադրամը արդէն 35 միլիոն ծառ տնկած է Հայաստանի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.