2009-08-17 15:13:51

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, Օգոստոս 16, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց Գասթել Կոնտոլֆօ ամառնային քահանայապետական ամառանոցի պալատէն տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.



Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ուրախութեամբ կ'ողջունեմ բոլոր անոնք որոնք կը մասնակցին կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին։ Երէկ ուրախութիւնը ունեցանք տօնախմբելու Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածանայ երկինք Վերափոխումը։ Եկեղեցին հրաւիրեց մեզ մեր նայուածքը ուղղել Երկինք, ուր կը բնակի Աստուածամայրը։

Այսօր Եկեղեցին կը հրաւիրէ մեզ մտաբերելու Քրիստոսի մեզի տուած նուէրը` Ամենասուրբ հաղորդութիւնը. իր Մարմինն ու Արիւնը։

Հաւատքով ընդունելով աստուածային այս հարկաւոր սնունդը, քրիստոնեան կարող կը դառնայ իր կեանքը տալու եղբայրներուն։

Կը հրաւիրեմ ձեզ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ձեր սիրտի դուռը լայն բանալ, որպէսզի դառնաք վկաները Յիսուսի ողորմութեան, բոլոր անոնց հանդէպ որոնք կարիքը ունին նիւթական թէ հոգեւոր բարիքներու։

Եղբայրներ ու քոյրեր եղէք անխոնջ վկաները Բարի լուրին` Աւետարանին։

Մարեմեան աղօթքին աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողոջունեց զանազան երկիրներէն եկած ուխտաւորները. ուրախ եմ ձեզ ընդունելու Հրեշտակ Տեառն աղօթքին, ըսաւ Սրբազան հայրը, Եկեղեցին այս կիրակի կը հրաւիրէ ճանչնալու թէ Աւետարանը սնունդ է եւ ազատագրում։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ապա ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։





Քահանայապետական անուանում։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեցաւ Հնդկաստանի Ասորի-Մալապարներու Պիժնոր թեմի առաջնորդ գերապայծառ Մունտատանի հրաժարումը, տարիքի բերումով, եւ անոր տեղ նշանակեց հայր Ճոն Վատակալ. ծնած նոյն թեմին մէջ 8 սեպտեմբեր 1943ին, քահանայ ձեռնադրուեցաւ 19 դեկտեմբեր 1975ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.