2009-08-14 14:46:12

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայաստան- Հիւսիս-Հարաւ մայրուղիի կառուցման մասնակիցները պիտի ճշդուին


Հայաստան- Հիւսիս-Հարաւ մայրուղիի կառուցման մասնակիցները պիտի ճշդուին

Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գուրգէն Սարգսեան, ընդունած է Հայաստանի մէջ գործող Պրազիլի դեսպան Մարսելա Նիքոտեմոսը, որուն ներկայացուցած է նախարարութեան ենթակայութեան տակ գտնուող բնագաւառները եւ իրականացուող ծրագիրները։

Սարգսեան մասնաւորապէս անդրադարձած է Հիւսիս-Հարաւ երկաթուղիի եւ Հիւսիս-Հարաւ ինքնաշարժի մայրուղիի կառուցման ծրագիրներուն։ Նշուած է, որ այս տարուան Հոկտեմբերին, Հիւսիս-Հարաւ ինքնաշարժի մայրուղիի կառուցման ծիրէն ներս, Երեւանի մէջ պիտի իրականացուի նուիրատու կազմակերպութիւններու հաւաքը։ Նախարարը նաեւ նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ իրականացող ծրագիրներու համատեղ իրագործման։

Նիքոտեմոս իր կարգին հաւաստիացուցած է, որ Պրազիլ ճանապարհներու կառուցման գործին մէջ մեծ փորձառութիւն ունի եւ հաւանական է, որ Հիւսիս-Հարաւ մայրուղիի կառուցման համար ներդրումներ կատարեն պրազիլական կազմակերպութիւններ։



Հայաստան համահայկական հիմնադրամ

ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է՜՜ Շինարարի օրուան՝՝ առթիւ նշելով որ ՜՜ մասնագէտները դրուատելու լաւ առիթ է այս տօնը, ինչպէս նաեւ թերութիւններն ու բացերը հրապարակային ու անկեղծ արտայայտելու համար։ Նախորդ տարուայ ընթացքին շինարարութեան ոլորտը փակուեցաւ բաւականաչափ շօշափելի արդիւնքներով, թէ պետական պիւտճէի միջոցներով, եւ թէ մասնաւոր հատուածի իրականացուցած շինարարութեան շնորհիւ՝՝։ Նշենք թէ ՀՀ վարչապետի որոշումով, Աշոտ Մուրատեանը նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արարատի մարզպետի տեղակալ։ Ինչպէս տեղեկացուեցաւ՝ վարչապետի մէկ այլ որոշման հիմամբ՝ Վահէ Վարդապետեանը նշանակուեցաւ ՀՀ Տաւուշի մարզպետի տեղակալ։



Երեւան – Հայազգի ականաւոր երգչուհի Էլենա Օպրազցովա կը պարգեւատրուի

Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան վերջերս ստորագած է հրամանագիր մը, որով Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագիտուհի, ականաւոր երգչուհի Էլենա Օպրազցովա՝ համաշխարհային օփերային արուեստի ասպարէզին մէջ իր ունեցած ծանրակշիռ աւանդին, ինչպէս նաեւ հայ-ռուսական մշակութային կապերու զարգացման գործընթացին մէջ իր ունեցած ներդրման համար պիտի պարգեւատրուի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ մետալով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.