2009-08-14 14:45:52

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն


Փաքիստան -Սի Այ Էյին պատկանող առանց օդաչուի օդանաւի մը կողմէ Փաքիստանի մէջ աւագ թալեպան ղեկավարին սպանութենէն մէկ շաբաթ ետք, կառավարութեան հաւատարիմ զինեալ ղեկավարի մը եւ թալեպան զինեալներու միջեւ բուռն բախումներ չորեքշաբթի օր առնուազն 70 զոհ խլեցին։ Թուրքիսթան Պիթանիի եւ թալեպան զինեալներու միջեւ բախումները տեղի ունեցան Աֆղանիստանի սահմանամերձ հարաւային Ուազիրիստան շրջանին մերձակայքը, ուր փաքիստանցի պաշտօնատարներ կը հաւատան, թէ 5 օգոստոսին սպաննուած է Պէյթուլլա Մեհսուտ։ Փաքիստանեան բանակը ուղղաթիռներ ուղարկեց ռմբակոծելու համար շուրջ երեք հարիւր թալեպան զինեալները, որոնք Պիթանիի լեռնային ամրոց Սուրա Ղար գիւղին դէմ յարձակում կը գործեն։ Միւս կողմէ՝ Պրատֆըրտ համալսարանի Փաքիստանի ապահովութեան հետազօտութեան խմբակի դասախօս Շոն Կրեկորի գրեց յօդուած մը, որ լոյս տեսաւ Ուեսթ Փոյնթի Ամերիկեան զինուորական ակադեմիայի Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կեդրոնի յուլիսի տեղեկատուին մէջ։

Ան կը յայտնէ, թէ իսլամական զինեալներու կողմէ շարք մը յարձակումներ վերջերս թիրախ դարձուցած են փաքիստանեան բանակի այն զօրակայանները, ուր Փաքիստանի հիւլէական ռումբերը գաղտնաբար պահուած են։

Փաքիստանեան բանակի բանբեր զօր Աթար Ապպաս հերքելով՝ լուրը յայտնեց, որ երկրին հիւլէական զէնքերը ահաբեկիչներու ձեռքը անցնելու որեւէ կարելիութիւն գոյութիւն չունի։



Պաղեստին - Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս մերժեց նախկին վարչապետ Ահմետ Քորէյի այն գանգատը, թէ Ֆաթհ շարժումի վատառողջ ընտրութեանց ընթացքին կորսնցուցած է շարժումին գործադիր մարմինի իր աթոռը։ Ապպաս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը եւ աշխարհը հետեւեցան Ֆաթհին, մինչ ան կը կատարէր ընտրական գործընթաց մը, որ ժողովրդավարական ու թափանցիկ էր։

Ինչ կը վերաբերի անոնց, որոնք անբախտ դուրս եկան այս ընտրութիւններէն, ասիկա է ժողովրդավարութիւնը։ Սակայն անոնք պիտի շարունակեն շարժումին մէջ դեր մը ունենալ։



Ղարաբաղ - Հայաստանի Հանրային ռատիոյի տեղեկութեան համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութեան պետ Մարսել Պետրոսեան ողջունած է Մինսքի խմբակի համանախագահ Մեթիու Պրայզայի այն յայտարարութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի կարծիքը, անոր անհանգստութիւնը արտացոլուած է բանակցային գործընթացին մէջ։ Միաժամանակ՝ Մարսել Պետրոսեան յիշեցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը իր կամքը արտայայտած է 10 դեկտեմբեր 1991-ի անկախութեան եւ 10 դեկտեմբեր 2006-ի սահմանադրութեան հանրաքուէներով։ Մենք ընդգծած է ան երախտապարտ պիտի ըլլանք միջնորդներուն, եթէ հանրաքուէներուն մէջ արձանագրուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդի կամքը լիարժէք ձեւով արտացոլայ բանակցային գործընթացին մէջ։



Երեւան - Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հաղորդած է, թէ 10 օգոստոսին ստորագրուած հրամանագիրով մը, նախագահ Սերժ Սարգսեան Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան(ՄԱԿ) մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչի պարտականութենէն ազատ կացուցած է Արմէն Մարտիրոսեանը եւ այլ հրամանագիրով մը՝ նոյն պաշտօնին համար նշանակած է Կարէն Նազարեանը։

Նշենք, որ Կարէն Նազարեան 2005-2009 տարիներուն կը վարէր Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.