2009-08-13 14:13:38

Լուրեր հայ աշխարհէն

Պոլիս-Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի 550 ամեակի նշում՝ 2011 ին


Պոլիս-Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի 550 ամեակի նշում՝ 2011 ին

Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի հիմնադրման 550-ամեակը իր լրումին կը հասնի 2011-ին։ Այդ առիթը պատշաճօրէն նշելու նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրին մէջ, Կրօնական ժողովի ատենապետ եւ պատրիարքարանի լուսարարապետ Արամ արք Աթեշեանի նախաձեռնութեամբ, պատրիարքարանին մէջ գումարուած խորհրդակցական ժողովին, Արամ արք Աթեշեան նշած է, թէ պատրիարքարանի 550-ամեակը կարեւոր յոբելեան է, սակայն մինչեւ օրս համապարփակ ուսումնասիրութիւն չէ կատարուած անոր մասին, ուստի նպատակայարմար գտնուած է յոբելեանը նշել լուրջ աշխատութիւններով։ Այս առնչութեամբ, առաջարկուած են հետեւեալ բնագաւառները 1) Պատրիարքական աթոռի հիմնադրման պատմութիւն, 2) Նախկին առաջնորդական աթոռներ ու անոնց պատմութիւնը, 3) Կրթական շարժումի պատմութիւն, 4) Կրթական մշակներ, գրողներ, մամուլի պատմութիւն, եկեղեցիներ եւ վանքեր, 5) Համայնքային եւ հասարակական կեանքը՝ 550 տարուան ընթացքին։

Արամ արք նշած է նաեւ, որ աշխատութիւններու հեղինակներուն անունները հաստատելէ ետք, կարելի է զանոնք Պոլիս հրաւիրել՝ նիւթերուն ու աղբիւրներուն մասին խորհրդակցելու համար։ Նշուած է նաեւ, որ կարելի է օգտուիլ պատրիարքարանի գրադարանէն, օսմանեան պաշտօնական արխիւներէն եւ թուրք պատմաբաններու ուսումնասիրութիւններու հայերէն թարգմանութիւններէն։



Իրան- Ատանայի կոտորածի 100 ամեակի նուիրուած ձեռնարկ

Նախաձեռնութեամբ Ռոստոմ երիտասարդական միութեան, Հայ մշակութային Նայիրի միութեան Սուքերեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ՝ նուիրուած Ատանայի հայոց կոտորածի 100-ամեակին։ Նայիրի Շիրվանեանի բացման խօսքէն ետք լսելի եղաւ Ատանայի ողբը երգը որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Ապրիլեան եղեռնի, Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերու մասին տեսաերիզ մը։

Օրուան բանախօսն էր Սուրիկ Աբնուսեան որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց երիտասարդներու միջոցով կազմակերպուած այս ձեռնարկին համար, ապա ներկայացուց պատմական Կիլիկիոյ Ատանայի շրջանի աշխարհագրական դիրքը, նաեւ թիւերով մանրամասնութիւններ փոխանցեց 1909 թուականին Ատանայի մէջ Երիտթուրքերուն իրականացուցած ջարդերուն մասին։

Տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը։



Միացեալ Նահանգներ Արիզոնայի Սքայտէյլ քաղաքի Ս. Աբգար եկեղեցւոյ Օծում։

20 սեպտեմբերին թեմի առաջնորդ Յովնան արք Տէրտէրեան պիտի պատարագէ Սքացտէյլի Ս Աբգար Հայաստանեայց եկեղեցւոյ մէջ, ուր ան, ըստ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ծէսի եւ կանոններու, պիտի կատարէ Ս Աբգար եկեղեցւոյ օծումը։

Յայտնենք, թէ առաջնորդ՝ Յովնան արք Տէրտէրեան եկեղեցւոյ նաւակատիքի արարողութիւնը կատարեց 11 ապրիլին։

Ելեկտրոնային ուսումնական ձեռնարկները հասանելի են իւրաքանչիւր աշակերտի

Հայաստանի Հանրակրթական դպրոցներու մէջ ելեկտրոնային ուսումնական ձեռնարկներու ներդրման՝ ելեկտրոնային գրադարաններու ձեւաւորման նպատակով Կրթական արհեստագիտութիւններու Ազգային Կեդրոնը 2009 ի՝ Փետրուարէն Մայիս ամիսներուն ընթացքին իրականացուցած է Բաց հասարակութեան ինստիտուտի օժանդակութեան հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղի կողմէ տրամադրուած ելեկտրոնային ուսումնական ձեռնարկներու բազմացման աշխատանքներ՝` Հայաստանի բոլոր դպրոցները դրանցով ապահովելու նպատակով դրամաշնորհային նախագիծը։ Այս մասին տեղեկացանք ԿԳՆ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։ Արդ բազմացուած են Երեւանի պետական համալսարանի լրատուական՝ կիրառական մաթեմատիկայի բաժանմունքի ամպիոնին մէջ ստեղծուած 14 ելեկտրոնային ուսումնական ձեռնարկները եւ դպրոցներուն տրամադրուած են ձեռնարկներու ամբողջական փաթեթները։ Սոյն ծրագրի իրականացման շնորհիւ աւարտած են Հայաստանի բոլոր դպրոցներու մէջ ելեկտրոնային գրադարաններու ձեւաւորման աշխատանքները։ ՀՀ բոլոր դպրոցները ապահովուած են ելեկտրոնային ուսումնական 14 ձեռնարկով։ Ելեկտրոնային ուսումնական ձեռնարկները տեղադրուած են նաեւ Կրթական համալիր էջ փորթալի մէջ /www.armedu.am/, որոնք կարելի է ապահովել։ Ելեկտրոնային ուսումնական ձեռնարկները հասանելի են իւրաքանչիւր աշակերտի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.