2009-08-13 14:13:27

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն


Ինկուշեթիոյ հանրօգուտ շինութեանց նախարարը Ռուսլան Ամերխանով սպաննուած։

Բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ յարձակումներու շարքի մը ծիրին մէջ, Ռուսիոյ մաս կազմող Ինկուշեթիոյ ինքնավար հանրապետութեան հանրօգուտ շինութեանց նախարարը երէկ իր գրասենեակին մէջ սպաննուեցաւ։

Ինկուշեթիոյ ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մատինա Խածիեւա յայտնեց, որ Ռուսլան Ամերխանով սպաննուեցաւ երկու անձերու կողմէ, որոնք Ինկուշեթիոյ մայրաքաղաք Մակասի մէջ անոր գրասենեակը մտնելով կրակ բացին անոր վրայ։

Մարդասպանները ինքնաշարժով մը փախուստ տուին։

Յունիսին Ինկուշեթիոյ նախագահ Եունուս-Պեք Եւքուրով ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ, երբ անոր թիկնապահներու շարասիւնին դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Երկու շաբաթ առաջ հանրապետութեան Գերագոյն դատարանի անդամ դատաւոր մը սպաննուեցաւ։

Չեչենիոյ միւս դրացին՝ Տաղստան եւս բռնարարքներ կը դիմագրաւէ։ Հանրապետութեան ապահովութեան աւագ պաշտօնատարը յունիսին արձակազէնի մը կողմէ սպաննուեցաւ, իսկ ոստիկանութեան դէմ յարձակումները յաճախակի են։



Աֆղանիստան - Չորս հարիւր ամերիկացի նաւազներ երէկ թալեպաններու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններ ներխուժելու ջանքերուն ծիրին մէջ եւ Աֆղանիստանի նախագահական ընտրութիւններէն ութ օր առաջ ուղղաթիռներով էջք կատարեցին հարաւային Աֆղանիստանի Հելմանտ նահանգի լեռնային շրջաններուն վրայ։

Աֆղանիստանի մէջ ամերիկացի նաւազներու բանբեր զօրավար Լարի Նիքըլսըն յայտնեց, որ մեր առաքելութիւնը Ընտրական անկախ յանձնախումբին եւ աֆղանական ազգային ապահովական ուժերուն զօրավիգ կանգնիլն է։ Այս ընտրութիւններուն պատասխանատուութիւնը կրողները անոնք են։ Մեր պարտականութիւնը երաշխաւորելն է, որ անոնք իրենց պաշտօնը կատարելու ապահովութիւնը ունին։ Հելմանտ նահանգը Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի ուշադրութեան առանցքին վերածուած է։ Այդտեղ ամերիկեան եւ բրիտանական ուժերը անցեալ ամիս շղթայազերծեցին Ամերիկացի հրամանատարներ կը յայտնեն, որ նախքան նաւազներու ժամանումը, նահանգին կէսը կը գտնուէր թալեպաններու իշխանութեան տակ։

Ընտրութեան պարտութեան մատնուած ընդդիմադիր թեկնածու Մեհտի Քարուպի ազդեցիկ կրօնաւոր Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանճանիի ուղղուած նամակի մը մէջ յայտնած էր, որ շարք մը այր եւ կին ցուցարարներ արգելափակման ընթացքին բռնաբարուած են, եւ հետաքննութիւն պահանջեց այս առնչութեամբ։



Պաքուի մէջ խռովարարութիւններ - Պաքուի Պինկատի շրջանի ոստիկանութեան գրասենեակը յայտնեց, որ քաղաքայիններու, պետական քարիւղի ՍՈՔԱՐ ընկերութեան պաշտօնեաներու եւ ոստիկանութեան միջեւ զանգուածային խռովարարութեանց հարցով յաւելեալ չորս անձեր ձերբակալուած են։

Գրասենեակը նշեց, որ բազմաթիւ անձեր հարցաքննուած են, եւ չորս յաւելեալ անձեր՝ 20-ամեայ Մոհամետ Օրուժ Լոկմառնով, 53-ամեայ Կապիլ Ատիլ Ապտուլլայեւ, 20-ամեայ Ռամիլ Մուսա Քարիմով եւ 28-ամեայ Ասիֆ Ապպաս Ապպասով ձերբակալուած են։

Դէպքին այլ մասնակիցները ճշդելու եւ ձերբակալելու համար միջոցառումներ որդեգրուած են։ Ոստիկանութեան գրասենեակը նաեւ յայտնեց, որ վիրաւորուած բոլոր ոստիկաններն ալ հիւանդանոցէն դուրս եկած են։

  








All the contents on this site are copyrighted ©.