2009-08-12 13:44:15

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը



Չորեքշաբթի 12 օգոստոս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Գասդել Կոնտոլֆօ քահանայապետական ամառանոցը, աւելի քան չորս հազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Աստուածածնայ վերափոխման տօնին ու քահանաներու տարւոյն վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ուրախ եմ ձեզ ընդունելու քահանայապետական ամառանոցի մէջ։ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին եւ քահանայական տարւոյն առթիւ, հաճելի է մեզի դիտել ՜՜Աստուածածինը որպէս մայրը բոլոր քահանաներուն՝՝։

Խաչին վրայ, Յիսուս հռչակեց Մարիամին՝ իր Մօրը, Հոգեւոր ու Տիեզերական Մայրութիւնը։ Եւ այսպէս իր Մայրը նուէր ըրաւ համայն մարդկութեան։ Յիսուս մասնաւորապէս ուզեց յանձնել իր մայրը աշակերտներուն եւ քահանաներուն, որոնք բոլորէն աւելի կանչուած են զինք առնելու իրենց տունը, այսինքն ան մաս կազմէ իրենց կեանքին, առաքելութեան ու քարոզութեան։

Աղօթենք, ըսաւ Սրբազան հայրը, որպէսզի Մարիամը օգնէ քահանաներուն նմանելու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի` Պարգեւիչ Բարի Հովիւի սիրոյ անգնահատելի գանձը։

՜՜Մարիամ, քահանաներու մայրը, աղօթէ մեզի համար՝՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով անոնց բարի արձակուրդ առանց մոռնալու Քրիստոսի հետ մտերմութեան մէջ մնալ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ մենք ամէնքս կանչուած ենք յաճախել Ս. Կոյս Մարիամի դպրոցը որպէսզի իրմէ սորվինք զԱստուած սիրել ամէն բանէ վեր։

Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը իր հայրական մտահոգութիւնը ու մօտիկութիւնը յայտնեց Ծայրագոյն Արեւելքի բնակիչներուն որոնք զոհ են մրրիկներու ու երկրաշարժի, անոնցմէ շատերը անօճախ մնացին, իսկ ուրիշներ զոհ գացին. ՜՜Ասոնց բոլորին համար կը խնդրեմ որ աղօթէք եւ յատկապէս անոնց որոնք իրենց կեանքը կրսնցուցին, թող Ամենաբին Աստուած իր Արքաղութեան մէջ ընդունի զանոնք՝՝ ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ աւելցնելով. Աղօթքս է որ զօրակցութեան մեքենան շուտափոյթ օգնութեան հասնի ամոքելու աղէտեալներու տառապանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.