2009-08-12 13:44:29

Միջեկեղեցական կազմաւորման Գ. սեմինարին բացումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ


Միջեկեղեցական կազմաւորման Գ. սեմինար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ



Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ՝ Նարեկ եպս Ալեէմէզեան յատուկ խօսքով ներկայացուց սոյն հերթական սեմինարին հետապնդած՝ նպատակը, ընդգծելով՝ ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրները, ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ եկեղեցիներու եւ կրօններու դերին, ու մանաւանդ բոլորին կողմէ երկխօսութեան նկատմամբ արտայայտուող պատրաստակամութեան, որ մեզ բոլորս գոյակցելու անհրաժեշտութեան դիմաց դրած է այսօր։ Արամ Ա կաթողիկոսը իր խօսքը ուղղեց մասնակիցներուն՝ գլխաւորաբար շեշտելով Ճանչնալու, ճանչցնելու ու մասնակցելու գաղափարները։ Վերջին բաժինով Արամ Ա. կաթողիկոս միջեկեղեցական կեանքին մասնակցութիւնը ներկայացուց իր ամբողջական կերպին մէջ եւ ոչ թէ ձեւական իմաստով։ Մասնակցութեան որակը, տարողութիւնը եւ կշիռը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը բնորոշող յատկանիշները եղած են էքիւմենիք շարժման մէջ, որուն դիմաց նաեւ բարձր պատասխանատուութիւններ վստահուած են Կիլիկեան Ս. Աթոռի ներկայացուցիչներուն։

Այնուհետեւ ամբողջ օրուան ընթացքին զրոյցներով ու զեկուցումներով, դասախօսական նիստերով ու քննարկումներով շարունակուեցաւ կազմաւորման սեմինարը, որ պիտի տեւէ երկու օր։










All the contents on this site are copyrighted ©.