2009-08-12 13:36:16

Լուրեր հայկական կեանքէն –

Հ Հ նախագահը Սերժ Սարգսեանի երկու շաբթուան արձակուրդը։


Հ Հ նախագահը Սերժ Սարգսեանի երկու շաբթուան արձակուրդը։

Հայաստանի հանրային ռատիոյին համաձայն, հայրենի նախագահը իր արձակուրդին քանի մը օրը պիտի անցընէ արտերկրի մէջ, իսկ մնացեալ մասը՝ Հայաստանի մէջ։



Հայաստանի դպրոցներուն մէջ գրաբար պիտի դասաւանդուի։

Հայաստանի կառավարութիւնը, այս ուղղութեամբ, մտադիր է որոշակի քայլեր առնելու, 2010ին։ Մամիկոնեանց ուխտաւորներու առաքելութեան առաջնորդ Ռաֆայել Համբարձումեան յայտնած է, որ Հայաստանի նախագահին եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հասցէագրուած է յայտարարութիւն մը, որուն տակ ստորագրած են գիտութեան, արուեստի, քաղաքականութեան եւ քանի մը տասնեակ գործիչներ, որոնք խնդրած են ստեղծել յանձնախումբ մը, որպէսզի մշակէ գրաբարի դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը։ Ան նաեւ յարած է թէ գրաբարի դասաւանդումը դպրոցներուն մէջ մեր ժողովուրդին ակունքներուն վերադառնալու ամէնէն կարճ ճանապարհն է։

Յիշեցնենք, որ գրաբարը դասական կամ հին հայերէնն է, որ առաւելագոյնս պահպանուած է գրաւոր աղբիւրներու մէջ։ Գրաբարը օգտագործուած է իբրեւ գրական լեզու՝ մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբը, երբ Խ Աբովեան առաջին անգամ գիրք գրեց իր ժամանակակից լեզուով, որ հետագային աշխարհաբար անուանումը ստացաւ։ Տակաւին մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը գրաբարը կը դասաւանդուէր դպրոցներու մէջ, ինչը լաւագոյն միաւորող գործօնը կը հանդիսանար իրարմէ շատ տարբերութիւն ունեցող բարբառներու միջեւ։



Բնապահմանման ամառնային դպրոց - 28 յուլիսէն 7 օգոստոս Ծաղկաձորի մէջ համախմբուեցան 50-է աւելի բնասէր պատանիներ՝ Հայաստանի բոլոր մարզերէն եւ Արցախէն՝ մասնակցելու Արեւորդի ամառնային դպրոցին։ Ասիկա ամէն տարի կը կազմակերպուի հանրապետութեան տարբեր մարզերուն մէջ գործող բնապահպանական ակումբներու պատանիներուն համար եւ Հայաստանի վայրի բնութեան ու մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին ու Վիվասել-Էմ Թի Էսի կողմէ։ Այս տարի ամառնային դպրոցին կ'աջակցին նաեւ Ճի Թի Զետը եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը։

Ամառնային դպրոցին մէջ երեխաները կը ծանօթանան կենսաբազմազանութեան, յատկապէս՝ Ծաղկաձորի մէջ, ինչպէս նաեւ կը սորվին բնութեան հետ վարուիլ այնպէս, որ անիկա լաւապէս պահպանուի։



75-ամեակ Հայաստանի գրողներու միութեան հիմնադրման ։

Հայաստանի գրողներու միութիւնը այս տարուան սեպտեմբերին պիտի նշէ միութեան հիմնադրման 75-ամեակը։ Այս մասին յայտնած է Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան։ Ան նշած է, որ Գրողներու միութեան հիմնադրման 75-ամեակը մեծ շուքով նշելու համար ստեղծուած է յոբելենական յանձնախումբ։ Կը նախատեսուի, որ տարուան ընթացքին կայացուին յոբելենական միջոցառումներ, հանդիսաւոր նիստ, շնորհահանդէսներ, ինչպէս նաեւ՝ հրատարակել Գրական Թերթի յատուկ թիւ մը։ Այս միջոցառումներուն մասնակցելու համար կը նախատեսուի հրաւիրել Լեռնային Ղարաբաղէն եւ սփիւռքէն պատուիրակներ։



Համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերը աւարտեցան

Շաբաթ օրը, Երեւանի մէջ վերջ գտան ՜՜ համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերը՝՝ որոնք եօթը օրեր շարունակ 550 մարզիկներ, պատասխանատուներ եւ ծնողներ համախմբեցին Հայաստանի մէջ։ Մարզախաղերուն հանդիսաւոր փակումը տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի Տինամօ մարզադաշտին մէջ, ներկայութեամբ Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի ներկայացուցիչին, հայրենի հիւրերու եւ ՀՄԸՄական պատասխանատուներու։ Փակման հանդիսութեան յաջորդեց յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէս։








All the contents on this site are copyrighted ©.