2009-08-11 13:49:52

Քահանայական տարի Ժան Մարի Վիաննէ Ընտիր քահանայ մը պիտի ըլլայ


Քահանայական տարի Ժան Մարի Վիաննէ Ընտիր քահանայ մը պիտի ըլլայ



Այդ տարին՝ 1811ին, Տէր Պալի ուրախութեամբ կ’ընդունի իր աշակերտը: Մաթիաս Լորա այլեւս Էքիւլի չի գտնուիր, մտած է Լիոնի մեծ կղերանոցը: Տէր Պալի չի թողուր, որ Ժան Մարի մօրեղբօր տունը բնակի, այլ ժողովրդապետանոցը կը տեղաւորէ: Եւ երեք ամիս ետք, զայն եպիսկոպոսարան կը ներակայացնէ որպէս քահանայութեան թեկնածու: Ինք երաշխաւոր է, իր բարեկամ Տէր Գուրպանի դիմաց, Ժան Մարիի եթէ ոչ ուսումնական մակարդակին, բայց գէթ անոր բարի տրամադրութիւններուն: Հետեւաբար Ժան Մարի կը հագուի կապայ մը, զոր կը ձեւէ ու կը կարէ Գլոտին Ֆէյո եւ Նոէզիի իր բարեկամները: Եւ 28 Մայիս 1811ին կ’ընդունի կուլակը (Փոքրիկ կլորակ մըն է, բացուած գլուխին կատարի մազերուն մէջ, որպէս նշան կղերիկոսի) եւ կը դառնայ կղերիկոսներէն մին:

Տասնըութ ամիս Էքիւլի կը մնայ մինչեւ 1812ի Ամենայն Սրբոց տօնը, մինչեւ որ Վերիէրի կղերանոցը կ'ընդունուի։ Այս հաստատութիւնը կը գտնուի Ֆոէզի լեռներուն վրայ։ Հոս պիտի մնայ երկու տարի, հետեւելու համար փիլիսոփայութեան, որմէ ետք Լիոն պիտի անցնի աստուածաբանութեան ընթացքներու համար։

Նաբոլէոնի վատ տրամադրութիւնը Եկեղեցւոյ հանդէպ, փակել տուած է շատ մը եկեղեցական կեդրոններ, որով Վերրիէրի շէնքը լեփ լեցուն է։ Հոն խճողուած են 22 ուսանողներ եւ ունին միայն 12 Փրոֆէսօրներ։

Բարեբախտաար Ժան Մարի միակը չէ, որ ետ մնացած է կանոնաւոր ուսումէ. Իրեն պէս 25 հոգի կան եւ 10 հոգի իրմէ տարեց։

Այդ տարի ձախ կ'ընթանայ շատերուն համար։ Պատասխանատուները կ'որոշեն փիլիսոփայուոթեան երկրորդ տարին զեղչել, քիչ մը տկար մնացած ուսանողներուն համար։ Անոնց մէջ է Ժան Մարի։

Ամառուան երեք ամիսներէն ետք, 1813ին կը թողու Էքիւլին եւ կը մտնէ Լիոնի Սենթ Իրենէ կղերանոցը։ Խեղճ Ժան Մարի կը շուարի. Ոչինչ կը հասկնայ, որովհետեւ բոլոր նիւթերը լատիներերենով կ'աւանդուին։ Առաջին ամավերջի քննութիւններուն կը ձախողի ամբողջովին։ Ամենացած նիշը կ'ունենայ եւ 9 Դեկտեմբերին տուն կը ճամբուի։

Բարեբախտաբար այս որոշումը չի նշանակեր վերջնական արտաքսում։ Եթէ իր ժողովրդապետը յաջողի սորվեցնել իրեն աստուածաբանութեան նախատարերքը, կարելի է իր պարագան վերատեսնել։

Տէր Պալի գորովով կ'ընդունի իր սանը եւ համբերութեամբ կը սկսի սորվեցնել ֆրանսերէն լեզուով։

Ժան Մարի կը պատասխանէ յստակ եւ տրամաբանական կերպով։ Ասով թոյլ կը տրուի իրեն ստանալ կիսասարգաւակութեան աստիճանը 2 Յուլիս 1814ին։

Քաղաքականութիւնը խռով է։ Նաբոլէոն գահազուրկ կ'ըլլայ 20 ապրիլ 1814ին։ Սակայն մեր ժառանգաւորը կը շարունկէ ուսանիլ եւ 20 Յուլիս 1814ին սարկաւագ կը ձեռնադրուի։

Յետ առանձնական քննութեան մը, ընդհանուր Տեղակալը` Գուրպով այսպէս կ'ըսէ իրեն.

-Ապրիս, դուն աւելի բաներ գիտես, քան շատ մը գիւղի ժողովրդապետները։

Այդ առթիւ Տէր Պալի խնդրեց, որ քահանայ ձեռնադրուելէն ետք, զինքը իր օգնականը կարգեն։ Ասով պիտի կարենար շարունակել իր աստուածաբանական ուսումը եւ հովութեան պատրաստուիլ։

Վթերլուի տխրահռչակ ճակատամարտէն ետք, այդ գաւառը գրաւուած է աւստրիացիներէն։ Ժան Մարի Կրէօնոպլը կ'երթայ քալելով։ Ճամբան շատ անգամներ կը կեցնեն զիք ու կը հարցաքննեն, բայց հուսկ ողջ, առողջ կը հասնի քաղաք եւ 13 Օգոստոսին` Կիրակի օրը քահանայ կը ձեռնադրուի Սիմոն Սրբազանէն։

Միակ ձեռնադրուողն է։ Ոմանք կ'առարկեն թէ մէկ հոգիի համար կ'արժէ՞ր այսքան հոգնիլ։ Այն ատեն եպիսկոպոսը կը պատասխանէ.

-Մեծ յոգնութիւն մը չէ միակ ընտիր քահանայ մը ձեռնադրելը։








All the contents on this site are copyrighted ©.