2009-08-11 13:49:36

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ



Նորին Սրբութեան շնորհաւորագիրը Էկուատորի անկախութեան Բ. դարադարձին առթիւ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին շնորհաւորագիրը Էկուատորի անկախութեան Բ. դարադարձին առթիւ։

Էկուատորի անկախութեան 200-ամեակին առթիւ Վատիկանի Պետական քրտուղարը` կարտինալ Պերթոնէ յանուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Էկուատորի եկեղեցական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն, հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը Էկուատորի ժողովուրդին վրայ եւ մաղթելով ներդաշնակութիւն եւ խաղաղութիւն Էկուատորին, երկրին բարգաւաճումին համար։

Էկուատորի մայրաքաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ թեմին առաջնորդը շրջապատուած երկրի բազմաթիւ եպիսկոպոսներով գոհաբանութեան համապատարագ մատուցեց ներկայութեամբ՝ երկրի քաղաքական ու զինւորական իշխանութիւններուն ։

Իր քարոզին մէջ, պատարագիչ առաջնորդը, վերակոչեց երկրին անկախութիւնը մէջբերելով՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին վերջին ընկերային շրջաբերական թուղթը, ''Սէրը ճշմարտութեան մէջ''։ Սրբազան Հայրը իր շրջաբերական թուղթին մէջ կը գրէ ՜՜ամէն երկրի բարգաւաճումին համար նախապայման է նախապատուութիւն տալ մարդուն, ընտանիքի պաշտպանութեան, ընկերային արդարութեան եւ գործի երաշխաւորման։



Քահանայապետական անուանում

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Սերպիայի մօտ առաքելական նուիրակ նշանակեց գերապայծառ Անթոնինին։ Ան նախապէս Պարակույի մօտ առաքելական նուիրակի պաշտօն կը վարէր։



Կարտինալ Թոռանի այցելութիւնը Ճաբոն, Ասիայի բոլոր կրօններու հետ երկխօսութիւն։

Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Թոռան կիրակի օրը Ճաբոն հասաւ մասնակցելու երկրի գլխաւոր կրօններու ներկայացուցիչներու ժողովին։ Այս ուղղութեամբ Ճաբոնի եպիսկոպոսները կ՝ուսումնասիրեն կարելիութիւն մը Ճաբոնի մէջ հաստատելու տարեկան աղօթքի օր, տեղական կրօններու երկխօսութեան համար։

Կարինալ Թոռան կլոր սեղանին ընթացքին անգամ մը եւս ընդգծեց թէ ՜՜կաթողիկէ եկեղեցին բոլոր կրօններուն հաւասար արժանաւորութիւնը կը ճանչնայ։ Ճաբոն իր կեցութեան ընթացքին կարտինալ Թոռան սիրալիր հանդիպում մը ունեցաւ Շինթոյականներու, Պուտտայականներու եւ մահմետականներու հետ։ Ամէնքը, ըսաւ ան, կը ճանչնան կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդի դերը կրօններու երկխօսութեան մէջ։ Կարտինալը բոլորին յիշեցուց ՜՜ճշմարիտ խաղաղութեան հիմնական չորս նախապայմանները. ճշմարտութիւն, եղբայրօգնութիւն, արդարութիւն եւ ազատութիւն՝՝։

Կարտինալ Թոռան Նոյեմբերին այցելութիւն պիտի կատարէ Ինտոնեզիայի եկեղեցւոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.