2009-08-10 13:14:34

Լուրեր հայ աշխարհէն

Նալպանտեան Պրայզա հանդիպում


Հ Հ արտաքին գործոց նախարարը՝ Էդուարդ Նալբանդեան 8 օգոստոսին ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի օգնական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզան։

Սոյն հանդիպումին՝ քննարկուած են արցախեան տագնապի բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումները։ Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերուն։



Արցախ Կը Մերժէ Իրաւունք Տալ Աղանդաւորներուն

Ղարաբաղի խորհրդարանի ընդունած նոր օրէնքին համաձայն, բոլոր կրօնական կազմակերպութիւններէն կը պահանջուի վեց ամսուան ընթացքին վերագրանցուիլ կառավարութեան Կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերով վարչութեան մօտ: Նշեալ պահանջով ԼՂ իշխանութիւնները մերժած են «Եհովայի վկաներ» աղանդի եւ «Կրակի վերածնունդ» ոչ աւանդական կրօնական միաւորման գրանցումը։ Իշխանութիւնները նշեալ միաւորներուն նաեւ արգիլած են Ղարաբաղի տարածքին օրինական գործունէութիւն ծաւալել, բնակչութեան հանդէպ անոնց ունեցած «հոգեբանական ներգործութեան միջոցներ»ու օգտագործման պատճառով:Պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող Արցախին համար, աղանդաւորական այս շարժումները չափազանց վտանգաւոր են:

՜՜Արարատ ՝՝Հայ Տարեցներու Տան 60-Ամեակի Հանդիսութիւն

Միշըն Հիլզի մէջ գնտուող Արարատ հայ տարեցներու տան 60ամեակի հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին օրը՝ Կիրակի, Օգոստոս 16ին, առաւօտեան ժամը 11ին: Արարատ տան մատրան մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Աւետիս քհնյ. Աբովեան, իսկ երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Պըրպէնքի եկեղեցւոյ երգչախումբը: Պատարագի աւարտին պիտի կատարուի Խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը: Արարողութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն եւ յատուկ ձեռնարկ մը՝ կազմակերպութեամբ Արարատ տան:

Պօղոս առաքեալի քարադագաղը հանրութեան առջեւ դրուած է Ս. Պօղոս առաքեալի նուիրուած պազելիքային մէջ։

Իտալացի հնաբաններու կողմէ յայտնաբերուած է Պօղոս առաքեալի մասունքները։ Քարադագաղը հանելու որոշումը կայացած էր 2000 թուականին, երբ կը նշուէր կաթողիկէ եկեղեցւոյ յոբելեանը։ Իսկ 2007 թուականին քարադագաղը զետեղուեցաւ մատուռի մը մէջ ուր հաւատացեալները հնարաւորութիւն ունէին աղօթկել սուրբ մասունքներուն առջեւ։ Պենետիկտոս Պապի որոշմամբ, քարադագաղի վրայ փոքր անցք մը փորուած է ու դուրս բերուած են ոսկորներու մասնիկներ։ Բարդ եւ երկարատեւ փորձագիտութենէ ետք կարելի եղած է ստուգել թէ այդ անձը ապրած է թուարկութեան 1-ին կամ երկրորդ դարու ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.