2009-08-10 13:14:21

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն

Ռուս-վրացական պատերազմին առաջին տարեդարձը։


Ռուս-վրացական պատերազմին առաջին տարեդարձը։

Ռուսիոյ նախագահը Տիմիթրի Մետվետեւ հաստատեց, թէ Ռուսիոյ կողմէ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ անկախութիւններուն ընդունումէն ետդարձ պիտի չկատարուի եւ անցեալ տարուան ռուս-վրացական պատերազմը Կովկասի քաղաքական քարտէսը վերատեսութեան ենթարկեց։ Իր կարգին, Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի ըսաւ, թէ Վրաստան խաղաղ միջոցներով պիտի փորձէ միացնել իր հողերը։ Մետվետեւ այս յայտարարութիւնները կատարեց Հարաւային Օսեթիոյ պատերազմին մասնակցած ռուս զինուորականներու եւ բժշկական խմբակներու պարգեւատրման ընթացքին։ Ան ըսաւ, թէ Վրաստան ուշ կամ կանուխ պիտի պատժուի իր շղթայազերծած պատերազմին համար՝ աւելցնելով, որ զինուորական յաղթանակը ապահովեցինք, եւ վստահ եմ, որ արդար պատիժը ճիշդ ժամանակին պիտի գայ։

Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը պիտի որոշէ Ղարաբաղի ժողովուրդը ըսած է Մեթիու Պրայզա։

Անցեալ ուրբաթ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզա Ծաղկաձորի մէջ, Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոնին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երիտասարդական համաժողովին ընթացքին յայտարարած է ՜՜Մենք որեւէ կողմի վրայ ճնշում գործադրել չենք կրնար։ Մենք միայն կը փորձենք օգնել կողմերուն համաձայնութեան հասնելու համար՝՝։ Պրայզա շեշտած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու ՜՜վերջին՝ Մոսկուայի հանդիպման ընթացքին որեւէ փաստաթուղթ չէ ստորագրուած, եւ ափսոսանք յայտնած է, որ Սերժ Սարգսեանն ու Իլհամ Ալիեւը չեն յաջողած պատկերուած խնդիրներուն շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութեան մասին յայտարարութիւն մը կատարել՝՝։ Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին՝ ամերիկացի համանախագահը յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը պիտի որոշուի հանրաքուէով։ Ան ըսած է ՜՜ես երբեք չեմ ըսած, թէ Ղարաբաղը պիտի վերադարձուի Ազրպէյճանին։ Ես ըսած եմ միայն, որ միջանկեալ կարգավիճակը կ'որոշուի հիմա, իսկ վերջնական կարգավիճակը կ'որոշէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը՝ հանրաքուէով՝՝։ Պրայզա կողմ արտայայտուած է, որ հանրաքուէին ազրպէյճանական համայնքի մասնակցութիւնը ըլլայ 22 տոկոս՝ ըստ 1989 թուականի մարդահամարի։

Մահմուտ Ապպաս վերընտրուեցաւ Ֆաթհ շարժումի ղեկավար

Շաբաթավերջին, Այսրյորդանանի Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ, Ֆաթհ շարժումի աւելի քան 2000 պատգամաւորներ, վերընտրեցին աղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը, իբրեւ շարժումի ղեկավար։ Ներկաներուն բացարձակ մեծամասնութեան ձայներուն արժանացած Ապպասին ընդդիմացան միայն 65 պատգամաւորներ։ Երկու ժամ տեւած յաղթանակի իր ճառին մէջ, Ապպաս իր խօսքը ուղղելով աշխարհին ըսաւ, թէ Ֆաթհ շարժումը կառչած կը մնայ անկախ պաղեստինեան պետութիւն մը կերտելու ազգային ծրագիրին, աւելցնելով, որ ներկայ մարտահրաւէրը կը կայանայ Պաղեստինի սահմանափակ ինքնիշխանութիւնը բնականոն պետութեան մը վերածելուն մէջ։ Ապպաս կոչ ուղղեց պաղեստինցիներուն ըլլալու համբերող, այնքան ատեն որ կայ յոյսի նշոյլ մը՝ բանակցութիւնները յաջողութեամբ պսակելու։ Նշենք, որ 2004-ին, Եասեր Արաֆաթի մահէն ետք Մահմուտ Ապպաս ստանձնեց Ֆաթհ շարժումին ղեկավարութիւնը։

Մոսկուա - Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին նշեց իշխանութեան հասնելուն տասնամեակը եւ, ըստ երեւոյթին, ռուսական գաղտնի սպասարկութեան նախկին անդամը կը փափաքի շարունակել իշխանութեան մէջ մնալ։ 10 տարի առաջ, Պորիս Ելցինի նախագահութեան ժամանակաշրջանին, ան դարձաւ վարչապետ 9 օգոստոս 1999-ին։Յաջորդ տարին ան ընտրուեցաւ Ռուսիոյ նախագահ, իսկ 2008-ին նախագահութիւնը յանձնեց իր իսկ ընտրած յաջորդին՝ Տմիթրի Մետվետեւի։ Այնուհետեւ, ան դարձեալ վարչապետ նշանակուեցաւ, ինչ որ թոյլ տուաւ, որ իր աշխատակազմը անփոփոխ մնայ։ 56-ամեայ ղեկավարը երբեք չի մտածեր հեռանալ իշխանութենէն։ Փութին տապալեց Ելցինի ժողովրդավարական նուաճումները, երբ ջնջեց՝ շրջանային կառավարիչներու ընտրութիւնները եւ լուսանցքայնացուց ազատական ընդդիմութիւնը։ Սակայն, անոր համակիրները կը դրուատեն անոր գործունէութիւնը՝ ըսելով, թէ ան վերակառուցած է երկիրը։ Ռուսական մեծ քաղաքներուն մէջ կեանքի մակարդակը շատ բարձրացած է 1999-էն ի վեր։

Թոքիօ - Ուժեղ երկրաշարժ մը ցնցեց Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոն եւ անոր շրջակայքը՝ առանց պատճառելու զոհեր կամ նիւթական վնասներ։Երկրաշարժին ուժգնութիւնը 7,1 ռիխթըր եղած է։ Նշենք, որ 1995-ին, 7,2 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը արեւմտեան Քոպեշի քաղաքին մէջ պատճառած էր 6400 զոհ։

Չինաստան - Մորաքոթ ծովամրրիկը հարուածեց Չինաստանի արեւելեան շրջանը՝ քանդելով տուներ, ողողելով գիւղեր եւ տեղահան ընելով շուրջ 1 միլիոն հոգի։ ծովամրրիկը արեւելեան Ֆուճիան նահանգին մէջ պատճառեց հողի սահանքներ եւ ժամական 119 քիլոմեթր արագութեամբ քամիներ։ Մորաքոթ ծովամրրիկը անցեալ ուրբաթ հարուածած էր Թայուանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.