2009-08-08 09:19:25

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը Արխենթինայի հաւատացեալներուն Սահմանափակել ներկայ աշխարհի աղքատութեան ու ընկերային անհաւասարութեան գայթակղութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը Արխենթինայի հաւատացեալներուն Սահմանափակել ներկայ աշխարհի աղքատութեան ու ընկերային անհաւասարութեան գայթակղութիւնը, այսպէս կը գրէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր պատգամին մէջ ուղղուած Արխենթինայի հաւատացեալներուն տարեկան դրամահաւաքին առթիւ։ Աղքատներու ի նպաստ ժողովելիք 41-րդ դրամահաւաքը պիտի կատարուի յառաջիկայ սեպտեմբեր 13ին, ունենալով որպէս բնաբան. ''աւելի զօրակցութիւն նուազագոյն լուսանցքի մը համար''։ Նորին Սրբութիւնը իր այս պատգամով կը քաջալերէ այս բարենապստ զօրակցութիւնը եւ կը մաղթէ որ հաւատացեալները շնորհիւ իրենց դրամական օժանդակութեամբ պիտի կարողանան սահմանափակել ներկայ աշխարհի աղքատութեան ու ընկերային անհաւասարութեան գայթակղութիւնը եւ այսպէսով Արխենթինայի հաւատացեալները համապատասխանած կ'ըլլան Աւետարանի պահանջքին ու նպաստած կ'ըլլան աւելի արդար ու զօրավիգ ընկերութեան մը իրականացումին։ Նորին Սրբութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր անոնց որոնք պիտի սատարեն դրամահաւաքի յաջողութեան։ Այս բարեսիրական նախաձեռնութիւնը կը դնէ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի հովանաւորութեան ներքեւ։ Աստուծոյ ժողովուրդը, կը կարդանք պատգամին մէջ, Ամենասուրբ Կոյսէն կը խնդրէ արդարութիւն, հաց եւ գործ։ հաւատացեալները կ'աղօթեն. ընտանիքներու միութեան ու սրբութեան համար, հիւանդներու առողջութեան, յուսալքւողներու սփոփանքին եւ քաջաութեամբ կերտելու ''եղբայրնրեու հայրենիք'' մը։ Սուրբ Կայեթանոյի տօնին առթիւ, Երկրին պաշտպան սուրբը, ուրբաթ օրը, մայրաքաղաքի առաջնորդը կարտինալ Խորխէ Պերկոլիօն գլխաւորեց հանդիսաւոր պատարագը առաւօտեան ժամը 11-ին։ Ինչպէս ամէն տարի Եկեղեցին ուխտաւորներէն կը խնդրէ որ մոմ կամ ծաղիկ չբերեն, այլ զգեստ, կերակուր կամ դեղօրայք նուիրեն երկրի ինչազուրկերուն համար։ Նշենք թէ Սուրբ կայեթանոն ապրեցաւ 16րդ դարուն, ան մասնաւորապէս եղաւ հայրը ինչազուրկերու, որբերուն, անբուժելի հիւանդներուն ու անօճախներուն։ Աստուծոյ հանդէպ իր ունեցած անսհաման վստահութեան համար կոչուած է նախախնամութեան սուրբը։ Նորին Սրբութիւնը անցեալ Կիրակի օրը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին մէջբերեց սուրբ Կայեթանոյի մէկ խօսքը. '' հոգիները կը բիւրեղանան ոչ զգացական սիրով, այլ գործնական սիրով ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.