2009-08-08 09:19:40

Լուրեր հայ աշխարհէն


Լուրեր հայ աշխարհէն

Իրան պատրաստ է Հայաստանին հիւլէական վառելանիւթ տրամադրելու

Թեհրան Թայմզ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իրանի Արեւմտեան Ատրպատական նահանգի ընդհանուր նահանգապետ Ռահիմ Քորպանի յայտնած է, որ Իրան պատրաստ է Արմաւիրի մէջ կառուցման մէջ գտնուող հիւլէական նոր կայանին համար Հայաստանին հիւլէական վառելանիւթ տրամադրելու։ Արմաւիրի մարզպետին հետ Ուրմիոյ մէջ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին Քորպանի յայտնած է, որ հիւլէական հարըստացման ճարտարարուեստին տիրապետելուն լոյսին տակ, Իրան պատրաստ է դրացի երկիրներուն հիւլէական վառելանիւթ տրամադրելու։

Ան նաեւ նշած է, որ այն իրողութիւնը, թէ Իրանի Արեւմտեան Ատըրպատական նահանգին մէջ բազմաթիւ հայ քաղաքացիներ կը բնակին, կ'օժանդակէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց ընդլայնման։



Կ'աւելնան Արմավիաի թռիչքները դէպի Եւրոպա

Հայաստանի օդանաւորդութեան Արմավիա ընկերութիւնը աւելցուցած է դէպի Եւրոպա կատարուող թռիչքներու յաճախականութիւնը։ Այսպէս Օգոստոս 15էն սկսեալ Երեւան-Ցիւրիխ-Երեւան թռիչքը պիտի իրականացուի շաբաթը 3 անգամ՝ Երկուշաբթի-Հինգշաբթի եւ Շաբաթ օրերը, իսկ Երեւան-Հռոմ-Երեւան թռիչքը շաբաթը երկու անգամ՝ Չորեքշաբթի եւ Կիրակի օրերուն ընթացքին։



National Geographic-ը առանձին ներկայացուցած է ԼՂՀն

N ational Geographicի քարտէսներ պարունակող կայքէջին մէջ տեղակայուած է Հարաւային Կովկասի քարտէս մը, երկիրներու իրական սահմաններով, ուր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը առանձնացուած է պետական սահմաններու ձեւաչափով։

Սակայն ԼՂՀ քարտէսին վրայ կայ վիճելի տարածք նշումը եւ Ստեփանակերտի փոխարէն ԼՂՀի մայրաքաղաք նշուած է Խանկենտը։



Մալթայի մէջ ներկայիս կ'ապրի 300-350 հայ

Մալթայի հայ համայնքը պիտի կայցնէ իր առաջին համագումարը

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Մալթայի մայրաքաղաք Վալեթայի Հիլթըն պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ վերջերս պաշտօնապէս արձանագրուած հայ համայնքի առաջին համագումարը, որուն ընթացքին պիտի ընտրուի համայնքի ղեկավարը։ Համայնքը արդէն իսկ ունի իր եռալեզու (հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն) պաշտօնական կայքէջը (wwwmalta-armeniaeu )։

Կայքէջի պատասխանատու Իլոնա Սարուխանեան կը տեղեկացնէ, որ կը նախատեսուի, որ համայնքը Վալեթայի մէջ բանայ հայկական կիրակնօրեայ դպրոց, ինչպէս նաեւ քաղաքի փողոցներէն մէկուն մէջ տեղադրէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքար։ Ըստ Սարուխանեանի, ներկայիս Մալթայի մէջ կապրի 300-350 հայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.